ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՀԵՏ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 6ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Վերջերս, youtube-էն եւ «Ամերիկայի Ձայն»էն (Voice of America) իմացանք, թէ Հայաստանի 6րդ Միջազգային բժշկական համագումարը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ՝ «Միասին աւելին կրնանք ընել» կարգախօսով: Այլոց կողքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ մեր բարեկամներէն մանկաբոյժ բժիշկ Վարդան Թաշճեան, որուն հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը.
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի ունեցաւ այս համագումարը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Հայաստանի 6րդ Միջազգային բժշկական համագումարը չորս տարի առաջ որոշուած էր, որ տեղի ունենայ Արցախի մէջ, սակայն, Լաչինի նրբանցքին՝ թշնամիին կողմէ գրաւման պատճառով, անիկա տեղի ունեցաւ 6էն 8 Յուլիսին, Երեւանի Marriot պանդոկին մէջ։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ո՞վ էր կազմակերպողը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Կազմակերպողն էր Կազմկոմիտէն, պատուոյ նախագահութեամբ փրոֆ. Արա Պապլոյեանի, համանախագահութեամբ բժիշկ Գէորգ Եաղճեանի եւ բժիշկ Համբարձում Սիմոնեանի։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ էին ներկայացուած նիւթերը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Մասնագէտ բժիշկները խօսեցան շուրջ 29 նիւթերու եւ հիւանդութիւններու մասին. անոնք ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութիւնները իրենց հիւանդներուն, դեղագործութեան, սրտաբանութեան, ակնաբուժութեան, նեարդաբանութեան եւ այլ հիւանդութիւններու մասին: Առողջապահութեան զանազան բնագաւառներ ներկայացուեցան հետեւեալ կարգով՝ կնոջաբանութիւն (gynecology), սրտաբանութիւն (cardiology), արիւնաբանութիւն (hematology), ատամնաբուժութեան եւ դեղագործութեան գիտութիւններ, հոգեւոր-մտային առողջութիւն, բուժքոյրական աշխատանիստեր, մանկաբուժութիւն (pediatrics), մորթային հիւանդութիւններ (dermatology), գերզգայնութիւն (allergy), ծերունաբանութիւն (gerontology), ինչպէ՞ս բարելաւել Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական խնամքը, պատկերով ախտաճանաչում (diagnostic imaging), հեռա-բժշկութիւն (tele-medicine)։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Քանի՞ հոգի կը մասնակցէր:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- 518՝ ընդհանուր, 348 Հայաստանէն, 170՝ Սփիւռքէն։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ էր համագումարին նպատակը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Կրկնակի էր, այնպէս, ինչպէս նախկին 12 արտասահմանեան եւ 6 հայաստանեան համագումարներու նպատակը. այսինքն՝ բուժագիտութիւն եւ ազգապահպանում: Առողջութիւն՝ բժշկագիտութեամբ եւ ազգապահպանում՝ միասնութեամբ:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս սկսաւ այս համագումարը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- համագումարին նախորդող օրը, բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ՀԲԸՄի անփիթատրոնին մէջ: Հարկ կը զգամ նշելու, թէ Համահայկական Միջազգային բժշկական համագումարներու շարժումը սկսաւ 1974ին, փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեանով, երբ ան Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ ընտրուեցաւ. ատենադպիրն էր՝ բժիշկ Լեւոն Փիլոյեան, իսկ գանձապահը՝ բժիշկ Վարդան Թաշճեան։
Նախ եւ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանի եւ Ամենայն Հայոց վեհափառ Գարեգին Բ.ի ողջոյնի ուղերձները ընթերցուեցան: Ապա, յաջորդաբար խօսք առնողները եղան Անահիտ Աւանէսեան (Հայաստանի առողջապահութեան նախարար), փրոֆ. Արա Պապլոյեան, բժիշկ Վարդան Թաթեւոսեան (Արցախի առողջապահութեան նախարար), բժիշկ Վիգէն Սեփիլեան (Հայկական Բժշկական միջազգային վարչութեան ատենապետ), բժիշկ Գէորգ Եաղճեան (Սփիւռքը ներկայացնող), բժիշկ Համբարձում Սիմոնեան (Հայաստանը ներկայացնող):
Բոլորն ալ իրենց խօսքերուն մէջ շեշտը դրին միասնութեան վրայ՝ «Միասին աւելին կրնանք ընել» ըսելով։



ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս ընթացաւ համագումարը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Համագումարի առաջին երկու օրերուն, մասնակցողները շարժապատկերի մը պէս տողանցեցին մեր աչքերուն առջեւ՝ ստեղծելով տօնական մթնոլորտ մը գիտահետազօտական (research), կրթական (education) եւ ծառայութեան (service) մարզերուն մէջ: Միջազգային հաստատութիւններու մէջ տակաւին փայլուն, սակայն տարեց դարձած հայ դասախօսներու հետ կային նոյնպէս հաճելի եւ օգտակար նիւթերով ելոյթ ունեցող նորայայտ երիտասարդներ: Այս մասին անոնք, որոնք կը փափաքին աւելին իմանալ՝ կրնան ձեռք ձգել «Առողջապահութեան Եւ Բժշկագիտութեան Հայկական Հանդէս»ը՝ www.ahms.am կայքին միջոցաւ. անիկա հանդէս մըն է, որ կը պարունակէ երեք լեզուով հարուստ գիտելիքներ եւ միանգամայն գեղեցկօրէն կ՛արտացոլացնէ հայ լեզուի հարստութիւնը. հարստութիւն մը՝ զոր վայելեցինք ըմբոշխնելով զայն կուշտ ու կուռ։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Իսկ երրո՞րդ օրը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Համագումարին երրորդ՝ այսինքն վերջին օրը կը յատկացուէր Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ նիւթին՝ «Միասին աւելին կրնանք ընել» կարգախօսով:
Բազմաթիւ մասնակցողներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ եղան յաւուր պատշաճի արտայայտութիւններ, իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ ներդրումներուն մասին՝ Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահութեան բժշկագիտութեան գծով: Արցախի պատկերասփիւռի կայանէն խօսք առնելով՝ Ռուբէն Վարդանեան (Արցախի պետական նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց եղած գործակցութիւններուն համար եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ տարուած աշխատանքը եւ օգնութիւնները կ՛ըլլան աւելի համակարգուած: Ապա փրոֆ. Արա Պապլոյեանի հանդիսավարութեամբ՝ հանդէս եկան Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի խորհրդական երեք փրոֆեսէօրներ՝ Շանթ Շխրտըմեան (ամերիկահայ), Գիմ Հեքիմեան (ամերիկահայ) եւ Լորանս Թերզեան (ֆրանսահայ)։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս եղաւ այս համագումարին փակումը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Պատուոյ նախագահին եւ համանախագահներու փակման խօսքերով, աւարտին կը հասնէր այս 6րդ համագումարը: Ներկաները տեղեկացան, թէ բոլոր մասնակցողներուն անունով խնդրագիր մը առաքուած է WHO-ին (Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւն) եւ ութ հոգինոց պատուիրակութիւն մըն ալ ներկայ գտնուած է ամերիկեան դեսպանատան մէջ Արցախի ճգնաժամին նկատմամբ արդար լուծումի մը ակնկալութեամբ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ Հայաստանի 7րդ Միջազգային Բժշկական համագումարը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 2027ին, նախագահութեամբ՝ Հայաստանի Բժշկական Մխիթար Հեռացի համալսարանի ռեկտոր փրոֆ. Արմէն Մուրատեանի։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.-.- Կրնայի՞ք youtube-ով հաղորդուած ձեր ելոյթը մէջբերել հոս:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Սիրով. «Յարգելի ներկաներ, կ՛ուզէի ձեզի փոխանցել պատգամ մը Լոս Անճելըսի իմ բարեկամ պաշտօնակիցներէս: Միասնաբար անպայման աւելի լաւը կարող ենք անել: Մենք մէկ հայրենիք ունինք: Առողջապահութեան առումով՝ սփիւռք չունինք: Մենք ուրեմն մէկ ժողովուրդ ենք եւ՝ համաշխարհայնացած: Ես գործակցած եմ տիկին Զոյա Լազարեանի հետ, երբ ինք նախարար էր եւ եկաւ Լոս Անճելըս: 1992էն ի վեր գործակցած եմ իմ գործակից եւ եղբայրակից Արա Պապլոյեանի հետ: Ֆրանսացիք գործակից չեն ըսեր, այլ confrere կ՛ըսեն: Մենք Արցախի մէջ ոչ թէ ռազմական, ոչ թէ քաղաքական, այլ միայն առողջապահական համագումար պիտի ունենայինք, որուն համար սահման չկայ: Covid-ին եւ նախատեսելի ու աննախատեսելի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուինք: Այս բոլորը յաղթահարելու համար, մէկ բան կայ, յարգելի Վարդանեան Ռուբէնը ըսաւ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳ: Աշխարհի տասը, քսան, երեսուն երկիրներէ եկանք մեր հայութիւնը պահպանելու: Մեր հայութիւնը պահպանելու համար, առողջապահութիւնը պիտի պահպանենք ամէն բանէ առաջ: Ուրեմն, ամէն հարցերը աւելի դիւրին պիտի լուծուին, երբ ունինք մէկ համակարգ: Այն բոլոր մեր գործակիցները, աշխատակիցները ինչ որ ըրին, chapeau կ՛ըսեմ՝ ֆրանսերէն: Տիրող մէկ համակարգը պիտի ըլլայ մայր հողին վրայ, հայ մէկ միութիւն՝ Համահայկական Բժիշկներու միութիւն, ո՛չ սփիւռքահայ բժիշկ, ո՛չ արցախահայ բժիշկ, ո՛չ ալ հայաստանահայ բժիշկ: Վերջացնեմ քառեարկով մը, որ է իմ եւ Լոս Անճելըսի բարեկամներուս պատգամը՝ «Միասնութիւն».
«Անմիաբան մենք իրարու բեռ կ՛ըլլանք,
Ուշ կամ կանուխ ուրիշներու կեր կ՛ըլլանք,
Միանալով մենք իրարու տէր կ՛ըլլանք,
Եւ Մասիսի նման կանգուն լեռ կ՛ըլլանք»»։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Միջազգային մակարդակով բժշկագիտական յաջող եւ նախորդը գերազանցող համագումար մըն էր: Ուստի, շնորհաւորելի են բոլոր մասնակցողները: Տրամադրութիւնները սկիզբէն մինչեւ վերջ խանդավառ վիճակի մէջ մնացին: Մասնաւորապէս իգական սեռի մասնակցողները յայտնուեցան աւելի մեծ թիւով եւ աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքով: Անոնք արժանի են գնահատանքի իրենց նուիրաբերած բնածին ու հոգատարական շնորհներուն համար, Երեւանէն մինչեւ Գիւմրի եւ Գիւմրիէն մինչեւ Երեւան:
Սքանչացնող երեւոյթ էր նաեւ սպիտակ շապիկներով, բծախնդիր կարգապահութեամբ, կամաւոր աշխատանքով գործող 45 համալսարանականներու երկսեռ խումբը: Անոնք աշխուժօրէն սատարեցին համագումարին հեզասահ եռօրեայ ընթացքին: Կը հաւատամ իրենց սերունդին ֆիզիքա