ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ինչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, Հայաստանի մէջ եւս առիթներ չեն պակսիր յաճախակի ցոյցերու եւ բողոքի հաւաքներու, ըլլա՛ն անոնք քաղաքական, տնտեսական կամ այլ շարժառիթներէ մղուած: Անոնք ընդհանրապէս ընդունելի երեւոյթներ են ժողովրդավարական համակարգով կառավարուող երկիրներու պարագային:
Քանի մը շաբաթ առաջ, բողոքի հաւաքներէն վերջինը՝ Երեւանի կառավարութեան շէնքին առջեւ, արհեստական լիճերու ջուրերու գծով կառավարութեան որոշած օրէնքներու ծրարին հարցով էր: Բողոքողները դէմ էին ջուրի 40 տոկոսին վերամշակման (recycling) պարտադրանքին:
Կասկածէ վեր է ջուրի կարեւորութիւնը մեր մոլորակին վրայ, կեանքի շարունակականութեան համար: Ջուրը անհրաժեշտ է մեր ուտելիքի ապահովման, դաշտերու ոռոգման եւ ջրաելեկտրակայաններու միջոցաւ ուժանիւթ ստանալու համար: Մարդկութեան աճին հետ ջուրը արդէն սկսած է անբաւարար ըլլալ շարք մը երկիրներու մէջ եւ դարձած է աշխարհաքաղաքական առումով ռազմավարական գործօն՝ երկիրներու միջեւ վէճի, ընդհարման կամ գործակցութեան:
Ապագային, անոր սակաւութիւնը կրնայ սպառնալ համաշխարհային կայունութեան եւ բնապահպանման համակարգի (ecosystem) վտանգումին, որ իր կարգին ազդեցութիւն պիտի ունենայ կենսական այլընտրանքային ուտելիքի բազմազանութեան վրայ (biodiversity): Այս օրերուն, ջուրի սակաւութեան ուղղակի պատճառներէն է անոր մասին շատ խօսուող կենսոլորտին տաքացումը, որ կը յառաջացնէ երկրագունդի մակերեսի խոնաւութեան մակարդակի շոգիացման՝ հետեւաբար մշակելի դաշտերու աղակալման (salinity), բեւեռային սառցալեռներու հալումին եւ ծովերու մակարդակի բարձրացման, որոնց պատճառով ստորգետնեայ ջուրերը, խառնուելով աղի ջուրերուն հետ՝ աւելիով պիտի նուազեցնեն ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի պաշարները:
Carnegie Endowment for international Peace ամերիկեան հետազօտական խումբի կայքի վերջին թիւին մէջ, Եգիպտոսի մասին կար հետաքրքրական յօդուած մը, որուն մէջ յօդուածագիրը վեր կ՛առնէր կենսոլորտի տաքացման բացասական ազդեցութիւնը երկիրի բնակչութեան ապագային վրայ: Եգիպտոսի բնակչութեան առաւել քան 95 առ հարիւրը կը բնակի Նեղոսի հովիտին եւ Միջերկրական ծովու երկայնքին գտնուող՝ երկրին 6 տոկոսը կազմող տարածքին վրայ: Քաղաքները գերխճողուած են եւ միլիոնաւոր մարդիկ զրկուած են ըմպելի մաքուր ջուրէ եւ ելեկտրական հոսանքէ: Առաւել քան 100 միլիոն ժողովուրդին 57 առ հարիւրը, որ գիւղերու բնակիչներն են կը շարունակեն դէպի քաղաքներ գաղթել՝ աւելիով բարդացնելով ընկերային ծառայութիւններու իրագործումը եւ անոնց կառավարումը: Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, թէ ծովեզերեայ տարածքին, ուր առաւել քան 25 միլիոն բնակիչներ կան, մաշումին (erosion) եւ ընկղմումին պատճառով ՝ յաւելեալ մշակելի հողեր կ՛աղակալին: Այս իրավիճակը անխուսափելիօրէն պիտի պատճառէ տնտեսական եւ ընկերային նոր ճգնաժամեր, քաղաքական ապակայունութիւն՝ ինչպէս ականատես եղած էինք Արաբական Գարնան օրինակով եւ վերջապէս միլիոնաւորներու ներքին գաղթին, արտագաղթին կամ ամէն վտանգ աչք առնելով՝ ապօրինի կերպով Եւրոպա ներխուժելուն՝ ինչպէս կը տեսնենք միջինարեւելեան եւ ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներէ փախչող յուսահատներու բազմութիւնները, որոնք շղթայական ազդեցութեամբ եւրոպական երկիրներու մէջ պիտի յառաջացնեն հաւանական ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամեր:
Եթովպիոյ մէջ, ուրկէ ծագում կ՛առնէ Նեղոս գետը, կայ «Ռընեսանս» (Renaissance) կոչուած եւ կառուցուած մեծ ամբարտակը լեցնելու որոշումը, որ 6էն 7 տարի կը պահանջէ եւ վէճի պատճառ է Եթովպիոյ, Սուտանի եւ Եգիպտոսի միջեւ, որովհետեւ վերջինը իր ջուրերուն 85 առ հարիւրը կը ստանայ Նեղոսէն:
Քաղաքացիական պատերազմի մէջ ընկղմած Սուրիա նոյնպէս ջուրի սակաւութենէ կը տառապի, որովհետեւ Եփրատ գետի ակունքներուն Թուրքիա տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ամբարտակներ կառուցած է: Ջուրի համար վէճեր կան շատ մը երկիրներու միջեւ եւ ի զուր չէ որ գետերը ռազմավարական նշանակութիւն ունին եւ ապագային պատերազմներու պատճառ կրնան դառնալ:
Վերադառնալով Հայաստան, հակառակ անոր ջրառատ երկիր ըլլալուն՝ մեր դաշտերը մանաւանդ Արարատեանը աղակալումէ կը տառապին, անջրդի են, մինչ արհեստական լիճերու սակաւապետները (oligarchs) անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին, ոռոգման ջուրերէն առաւելագոյնս օգտուած են, հասարակ գիւղացիներու դաշտերը անջրդի ձգելով: Ասոր զուգահեռ, ջրատար խողովակները, որոնք կառուցուած էին սովետական ժամանակաշրջանին, փտած եւ հինցած են այլեւս եւ պէտք է նորոգուին:
Պէտք է կառուցուին ամբարտակներ՝ ձիւնի ջուրերը ամբարելու եւ պէտք եղած պարագային՝ ուղղելու դէպի դաշտերը: Անհրաժեշտ է ջուրերու ծայրայեղ խնայողութիւն, որուն համար պէտք է անցնիլ գիտական մօտեցման եւ կաթիլային ոռոգման համակարգի պարտադրման, որուն համար արդէն կայ պետական աջակցութեան քաղաքականութիւն: Ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերէն առաւելագոյնս օգտուելու ազդու համապարփակ քաղաքականութեան զարգացած երկիրներու մէջ կիրարկուող ուղիներէն են.
1.- Ջուրի խնայողութեան քարոզչութիւն ամէն կարելի միջոցներով, ժողովուրդին մէջ բարձրացնելու անոր կարեւորութեան գիտակցութիւնը, մղելով զանոնք օգտագործելու առնուազն նորակառոյց շէնքերու մէջ ունենալու ջուրերը խնայողաբար օգտագործելու գործիքներ եւ ինչու չէ՝ վերաօգտագործելու (recycling) յարմարութիւններ, օրինակ՝ շէնքի կանաչ տարածքներու ոռոգման համար:
2.- Քաջալերել եւ աջակցիլ կաթիլային ոռոգման համակարգին եւ ջուրի խնայողութեան եւ վերաօգտագործման այլ արհեստագիտութիւններու կիրարկման:
3.- Քաջալերել գիւղատնտեսական զանազանութիւն (diversification) եւ քիչ ջուր պահանջող տեսականի:
4.- Կիրարկել նորագոյն արհեստագիտութիւնները՝ հակակշիռի տակ պահելու համար ջրային ենթակառոյցը եւ ճշդելու ջուրերու ծորումի (leakage) տեղը:
5.- Քաջալերել ջուրի վերաօգտագործման ծառայող գործիքներու ճարտարարուեստը:
6.- Դպրոցներու միջոցաւ ջուրի կարեւորութեան ուսուցումը փոխանցել նոր սերունդին, անոր մէջ զարգացնելով ջուրի նկատմամբ պատասխանատուութեան մշակոյթը:
7.- Քաջալերել ջուրի խնայողութեան նորարարական արհեստագիտութիւնը՝ օրինակ զանոնք զերծ պահելով հարկային պարտաւորութիւններէ:
Ջուրի խնայողութիւնը եւ անոր՝ լաւագոյն ձեւով օգտագործումը առաւել անհրաժեշտ է մեզի համար, որովհետեւ կենսոլորտի տաքացման, նուազ եւ աւելի կարճ ձմեռնային եղանակի պայմաններու պատճառով, նուազ ջրային պաշարները լուրջ մարտահրաւէր են մեր գոյութեան համար, մանաւանդ որ Հայաստան ծովազուրկ երկիր ըլլալով, ծովու ջուրերու աղազերծումէն (desalination) օգտուելու բախտէն զրկուած է:
Ջուրը մեզի համար ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնը եւ կենսատու աւիշն է: