
Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ ունեցաւ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները.
ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, սրբազանը ընդունուեցաւ Ֆրանսիս պապին կողմէ եւ վեհափառին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ եւ պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, պապին նուիրեց իր հեղինակած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ Ուղիղ Հաւատքի Եւ Առաքինի Մաքուր Վարքի – Instruction on the Orthodox Faith and Virtuous and Pure Life» հատորը, որ ձօնուած էր պապին՝ յերախտագիտութին 2015ին Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ» հռչակելուն։ Իր խօսքին մէջ, Նարեկ սրբազանը անդրադարձաւ Արցախի, Հայաստանի ու Լիբանանի իրավիճակներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու այս բոլորին յաղթահարման համար Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութիւններուն։
բ) Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին, սրբազանը այցելեց Վատիկանի Միջեկեղեցական բաժանմունքը եւ հանդիպեցաւ բաժանմունքի նախագահ Քուրթ Քոխ կարտինալի անմիջական օգնականներուն՝ Պրայըն Ֆարել եպիսկոպոսին եւ հայր Հիասինթ Տեսթիվելի հետ։ Կարտինալը անհանգստութեան պատճառաւ բացակայեցաւ հանդիպումէն։ Հանդիպումին ընթացքին շօշափուեցան կաթոլիկ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն վերաբերող միջեկեղեցական հարցեր, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850ամեակին վերաբերող ապագայ ծրագիրներուն։ Ապա, քննարկուեցան միջեկեղեցական շարժումը ընդգրկող հարցեր։
գ) Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5ին, Նարեկ արքեպիսկոպոսը այցելեց Վատիկանի Եպիսկոպոսներու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախկին նախագահ եւ Գանատայի Քեպեք նահանգի նախկին առաջնորդ Մարք Ուելլէթ կարտինալին, որ այժմ հանգստեան կոչուած է եւ կը գլխաւորէ քահանաներու կազմաւորման հիմնարկ մը։ Հանդիպման ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ գործակցութիւն ստեղծելու այս հիմնարկին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ։
դ) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, սրբազանը այցելեց Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքը եւ հանդիպեցաւ բաժանմունքի նախագահ Քլաուտիօ Կուճերոթի կարտինալին հետ եւ քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն վերաբերեալ գործակցութեան բնագաւառները։ Կարտինալը նաեւ հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր վիճակով եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով։
Այս այցելութիւնները եզակի առիթ հանդիսացան, որ Վատիկանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս ընդգծեն Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեկեղեցական, միջկրօնական ու միջազգային բանալի դերակատարութիւնը եւ յայտնեն Ս. Աթոռին հետ իրենց երկարամեայ եւ սերտ գործակցութեան վերանորոգ պատրաստակամութիւնը։