ԵԱՀԿի նախարարական 30րդ համաժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութեան լուռ համաձայնութեամբ Ատրպէյճան հասաւ իր վաղեմի նպատակին՝ ստանալ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը առանց հայ բնակչութեան:
«Այնուամենայնիւ, դա իրականացնելուց յետոյ էլ ադրբեջանական կողմի պահանջները չեն դադարել. հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ ինքնիշխան տարածքն է դարձել մեր հարեւանի թիրախը: Զուգորդուած լինելով շարունակական ատելութեամբ, ռազմական հռետորաբանութեամբ, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ, տարբեր միջազգային դերակատարների, այդ թւում՝ ԱՄՆ եւ ԵՄ կողմից կազմակերպուած հանդիպումներին մասնակցելու մերժման հետ՝ սա ի ցոյց է դնում, որ այս երկիրն անկեղծօրէն շահագրգռուած չէ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ», շեշտեց Միրզոյեան:
Ան նշեց, որ, հակառակ տեղի ունեցած մարդասիրական աղէտին, Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան նոր դարաշրջանի մը բացման եւ կը կարծէ, թէ այդ մէկը տակաւին կարելի է:
Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին մասին՝ նշելով, որ այս նախագիծը նպատակ ունի Արեւելքը Արեւմուտքին եւ Հիւսիսը Հարաւին կապել, նաեւ՝ տարածաշրջանային համագործակցութեան միջոցով պայմաններ ստեղծել տնտեսական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հակասութիւններու հարթման եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ աւելի լաւ փոխկապակցուածութեան ու քաղաքական երկխօսութեան խթանման համար:
«Այս առումով Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը եւս վճռորոշ կարեւորութիւն ունի», նկատել տուաւ Արարատ Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Եւ եւս մէկ անգամ վերահաստատում եմ, որ Հայաստանը շարունակում է պատրաստ լինել բանակցութիւններին, եւ մեզ անհրաժեշտ է, որ Ադրբեջանը դադարի մերժել հանդիպելու եւ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու՝ միջնորդների առաջարկները: Այս նպատակին հասնելու համար մեզ անհրաժեշտ են բոլոր շահագրգիռ կողմերի եւ ընդհանուր առմամբ միջազգային հանրութեան իրական ջանքերը՝ Հարաւային Կովկասում բռնութեան էջը շրջելու եւ միջազգային օրէնքների վրայ հիմնուած կարգ ամրապնդելու համար»: