Թուրքիոյ Ապահովութեան խորհուրդի նիստի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն, եւ Թուրքիա կը յուսայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները պիտի առաջնորդեն մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման:
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան թղթակիցը նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
«Թուրքիան պիտի սատարէ տեւական խաղաղութեան հաստատման վերաբերող բոլոր անկեղծ ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: