Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ, 30 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի հինգերորդ հանդիպումը՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:
Կողմերը նախնական համաձայնութիւն գոյացուցին յանձնաժողովներուն միջեւ նիստերու եւ համատեղ աշխատանքային հանդիպումներու կազմակերպման եւ իրականացման աշխատակարգի բովանդակութեան շուրջ:
Անոնք պայմանաւորուեցան սկսիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի միացեալ գործունէութեան վերաբերող կանոնակարգի նախագիծի համաձայնեցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան եկան աշխուժացնելու յանձնաժողովներուն հանդիպումներու իրականացումը:
Կողմերը պայմանաւորուեցան նաեւ աշխատանքային կարգով նախանշել յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման թուականը եւ վայրը: