

30 Նոյեմբերին, Սքոփյէի (Հիւսիսային Մակեդոնիա) մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու հերթական աշխատանքային հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի նիստի նախօրէին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ Սքոփյէ կը գտնուէր, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանի, չմասնակցեցաւ այդ հանդիպման:
Սակայն, ան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ:
Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց Արարատ Միրզոյեանի եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերգէյ Լաւրովի հանդիպման մասին, որ կատարուեցաւ դռնփակ:
Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միրզոյեան անգամ մը եւս ռուսական կողմին ներկայացուց հայկական կողմին դիրքորոշումները՝ երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգերու շուրջ Ռուսիոյ քաղաքականութեան եւ առած քայլերուն վերաբերեալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լաւրով հաստատեց ռուսական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն համար նախատեսուած շարք մը եռակողմ համաձայնագիրներուն վրայ, ներառեալ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը:
Միրզոյեան եւ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցը՝ Էնթընի Պլինքըն, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Միրզոյեան ընդգծեց, որ, հակառակ Ատրպէյճանի ցուցաբերած ոչ-կառուցողական կեցուածքին, Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտման եւ մարդասիրական հարցերուն՝ Հայաստան Ատրպէյճանին փոխանցեց խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ առաջարկները՝ յայտնի սկզբունքներու համապատասխան, եւ վերջիններուն նկատմամբ Ատրպէյճանի յստակ յանձնառութեան պարագային, կարելի պիտի ըլլայ նախագիծի համաձայնեցման ուղղութեամբ արձանագրել էական յառաջընթաց մը:

Տարածաշրջանային ծրագիրներու ծիրին մէջ, Միրզոյեան վկայակոչեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ ընդգծելով նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան համար անոր իրականացման իբրեւ արդիւնք ակնկալուող առաւելութիւնները:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ օրակարգին: Միտքեր փոխանակուեցան երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան եւ անոր ընդլայնման հեռանկարներուն շուրջ:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգի ընդլայնման հարցեր քննարկուեցան Միրզոյեանի եւ Պորելի միջեւ: Անոնք հանգամանալից կերպով անդրադարձան այդ ուղղութեամբ հեռանկարներու եւ գործադրուող ջանքերուն՝ ի նպաստ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն առաւել մերձեցման եւ քաղաքացիներուն համար շօշափելի արդիւնքներու ապահովման:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան հարցեր:
Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ որեւէ նկրտումներու զսպման, տարածաշրջանային ներառական ծրագիրներու իրագործման եւ յարատեւ կայունութեան հաստատման վերաբերող դիւանագիտական ջանքերու կարեւորութիւնը: Ան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի առաւել քան 100 հազար բնակչներու կարիքներուն եւ իրաւունքներուն հասցէագրման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն, որոնց կարգին՝ միջազգային գործընկերներու կայուն ներգրաւածութեամբ: