Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պարտութեան եւ ընկճուածութեան մեր ներկայի մթնոլորտին մէջ, Հայաստանեայց եկեղեցիի գերագոյն առաջնորդները՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Արամ Ա. կաթողիկոս, ներազգային եւ միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ կը գործեն, կը դիրքորոշուին:
Անոնք կը վկայեն Արցախի եւ անոր ժողովուրդին մասին:
Արցախ յիշել եւ յիշեցնել` քաղաքական աշխատանք է:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս, մեր ժողովուրդի կրած պարտութեան հետեւանքները մերժելով, վերականգնումի հաստատակամութեամբ, կը յայտարարէ, որ հակառակ ստեղծուած քաղաքական ծանր վիճակին, երբ Արցախէն խլուած է ինքնուրոյն պետութիւն ըլլալու իրաւունքը եւ հնարը, յայտարարուած է անոր լուծարումը, Հայաստանեայց եկեղեցին յստակ եւ քաղաքական վերաբերում կ՛որդեգրէ եւ կը յայտարարէ, որ ԱՐՑԱԽԻ ԹԵՄԸ պիտի պահուի: Կը նշանակէ, որ Հայաստանեայց եկեղեցին, ինչպէս միշտ ըրած է պատմութեան ընթացքին, ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան առաջին գիծերուն վրայ կը մնայ:
Այս որոշումը քաղաքական իմաստ ունի: Հայաստանեայց եկեղեցին վերջնական չի համարեր պարտութիւնը, Արցախ հայրենիքի կորուստը: Պէտք է լսել գիտնալ, կորաքամակ չմնալ եւ առանց ճապկումներու ճակատ յարդարել` առանց ճապաղելու երթեւեկի տնավարի եւ բարեսիրական կոչուած շատախօսութիւններու մէջ:
Արցախի թեմը պահելը պայքարի ազգային քաղաքականութիւն է:
Հաւատարիմ իր ազգապաշտպան քաղաքական ուղեգիծին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ անխոնջ կաթողիկոսը, իր կարգին, մասնակին եւ ժամանակաւորը գերանցելով, կը շարունակէ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական իրաւունք եւ ներկայութիւն հետապնդել: Միացեալ Նահանգներու իր հօտին տուած հովուապետական այցելութիւնը կը ծառայեցնէ բարձրագոյն քաղաքական մակարդակի վրայ ազգային քաղաքականութեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ, իր կենսափորձի հեղինակութեամբ, կը բարձրաձայնէ Արցախի դատը եւ անոր ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը, որ ցեղային մաքրազտում էր, տեղահանութիւն, ցեղասպանութիւն:
Ի՛նչ ալ ըլլան քաղաքական միջազգային ծանր պայմանները, անգամ մը եւս, եկեղեցին կը պահէ իր հեղինակութիւնը ոչ միայն մեր մէջ, այլ նաեւ` մեզմէ դուրս, միջազգային բեմի վրայ: Ազգային եւ քաղաքական տարրական իմաստութիւն ունեցող հայը, ան ըլլայ հանրապետութեան քաղաքացի թէ հայրենահանուածի ժառանգ սփիւռքահայ, ազգի լիիրաւ անդամի գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, պիտի հետեւի, պիտի ըսէ` «ներկայ», գտնուի Ռուսիա, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ, Ովկիանիա, Շանկհայ թէ Արեւելք:
Մեր պատմութեան ընթացքին, Հայաստանեայց եկեղեցին միշտ ունեցած է ազգապահպան դեր, ճակատագրական պահերու ժողովուրդը իր հայեացքը ուղղած է դէպի ՀՈԳԵՒՈՐը, պատմութեան այս դասը պէտք չէ մոռնալ, զայն պէտք չէ շփոթել անհատներու եւ անոնց փառասիրական թափահարումներուն հետ:
Հոն, ուր աշխարհականները եւ իրենց խօսքը չեն հասնիր, հոգեւոր իշխանութիւնները կրնան հասնիլ, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի պայծառ մշակութային ստեղծագործ դէմքը եւ իրաւունքը: Սփիւռքը, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը միշտ եւ դեռ երկար ժամանակ պէտք ունին Արամ Ա. կաթողիկոսի իմաստուն, հարազատ, յանդուգն եւ անսեթեւեթ խօսքին:
Հռոմ, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի մէջ յարգուած հեղինակութիւն է Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ կրողն է ոչ միայն եկեղեցական-կրօնական արժէքներու, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքին եւ Դատին: Կը մտածեմ, որ Խրիմեան Հայրիկի գործի ուղիղ գիծին վրայ, ան կը շարունակէ ճառագայթել եւ միշտ ըլլալ իր հօտին տէր:
Այսօր, եւ հաւանօրէն, դեռ երկար ժամանակ, ազգը պէտք ունի իր հոգեւոր առաջնորդներու նախաձեռնութեան ոգիին, միացնող եւ յանդուգն իմաստութեան:
Այս հարցերու մասին մտածեցի լսելէ ետք Նիւ Եորք բնակող երէց սերունդի հաւատաւոր ընկերոջ մը խօսքերը: Ան ըսաւ, որ մենք չենք գիտեր մեր ազգի հարազատ մտաւորականներու հոգեբարոյական ներուժէն օգտուիլ: Յաճախ, այս կամ այն դիրքերու վրայ գտնուող կարծեցեալ, ինքնակոչիկ երեւելիներ չեն վարանիր արեւը իրենց վերապահելու համար ստուերներ տարածելու…
Մեր կաթողիկոսները աղօթքէն աւելին սորվեցնելու պարտականութիւն ունին:
Իսկ մեր ժողովուրդը, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը, քաղաքական հասունութիւն եւ ողջախոհութիւն պէտք է ունենայ այդ աւելին լսելու, երբ այդ աւելին կ՛ըսուի:
Երբ չենք լսեր անմիջականութիւնները գերանցող աւելին, որ կ՛ենթադրէ հոգեկան եւ գաղափարական մեծութիւն: Պէտք է լոյսը տեսնելու յանդգնիլ, չգոհանալ սեփական չեղած լոյսով, չնայիլ թաղային հաւկուրութեան անհեղինակութեան աչքերով, երբեմն ալ` թաքնուելով կրպակի արկղի ետին, եւ տեսնել իրաւ, ունենալ հեռանկար` անգիտանալով ժամանակաւորի եւ եսերու ստուերները:
Մեր կաթողիկոսները, հոգեւոր մեծերը, անոնք ըլլան Ղեւոնդ Երէց թէ Գարեգին Յովսէփեանց, ապրած են ժողովուրդին հետ, անոր կողքին, գտնուած են պայքարի դաշտի առաջին գիծին վրայ: Մեծցած են` մեզ ալ մեծցնելով:
Կը յիշե՞նք, թէ Եղիշէ Չարենց ինչպէս կոչած էր զինք դատող Մուղդուսին…
Ողջախոհութիւն պէտք է ունենալ համացանցի եւ Ֆէյսպուքի ամենաթողութեան իրաւունքով «Մուղդուսի» չդառնալու… Մուղդուսիներ հեղինակութիւն չեն ունեցած, նոյնիսկ երբ ունեցած են ոսկի եւ տոլար, տիտղոս եւ աթոռ:
Լաւ է որ երբեմն հանրային դաստիարակչական նպատակով յիշեցուի Չարենցի եւ Մուղդուսիի արժեբանական եւ իրաւ առասպելը:
Համակարգիչի չարաշահուող պզտիկ պատուհանը անազնիւ ինքնակոչիկ ակադեմիկոսի ցուցադրութեան ամպիոն չէ:
Չչարաշահել համացանց-Ֆէյսպուք անդարպաս մեզի համար պերճանք բանգիտութեան ազատութիւնը :
Եւ խօսիլ ու գրել` չըսելիքը գիտնալու ազնիւ բայց յաճախ անտեսուող ողջախոհութեամբ: Մի՛շտ ներսը եւ դուրսը: