
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Ժառանգութիւն» մրցանակը պիտի շնորհուի հայագիտութեան տիտան` նորոգ հանգուցեալ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, մեծարելու համար Ամերիկայի մէջ հայագիտութեան եւ յատկապէս պատմագիտութեան ոլորտին մէջ անոր իրագործումները, որ զինք դարձուցին հայոց պատմութեան մէկ կարեւոր մասնիկը:
Արցախի հայաթափումին լոյսին տակ, քննարկուեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ջնջելու հաւանականութեան մասին, սակայն որոշուեցաւ տեղի չտալ հայութիւնը ընկճելու` Պաքուի եւ Անգարայի շարունակական փորձերուն, եւ ձեռնարկը իրականացնել` յիշելով անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարուած, իսկ այժմ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած Արցախի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի ոգեշնչող պատգամները: Նաեւ որոշուեցաւ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան զաւակն էր Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու: Անոր հայրը` Գասպար Կաւոյեան, ծնած էր Խարբերդի մօտիկ Բազմաշէն գիւղին մէջ, 1901ին: Ի տարբերութիւն այլոց` ան վերապրեցաւ Ցեղասպանութիւնը եւ հասաւ Միացեալ Նահանգներ: Ան իր մականունը Կաւոյեանէն փոխեց Յովհաննէսեանի` ի յիշատակ իր հօր` Յովհաննէսին: 1928ին, Գասպարը ամուսնացաւ Սիրուն Նալպանտեանի հետ, որ նոյնպէս զաւակն էր Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու: Անոնք ունեցան չորս որդիներ` Ճան, Ռալֆ, Ռիչըրտ եւ Վերնան: Ռիչըրտը ծնած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Թուլեր քաղաքին մէջ, 1932ին:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն մէջ մասնագիտացած փրոֆ. Յովհաննէսեան մօտաւորապէս 50 տարիներ դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ իր անունով: 1972ին ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեան նուիրուած դասանիւթը եւ յաջորդող 40 տարիներուն առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու առաւել քան 1000 վերապրողներու վկայութիւնները, անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով:
Անոր դոկտորականին աւարտաճառը` «Հայաստան Անկախութեան Ճամբուն Վրայ» խորագիրով, նախակարապետն էր անոր` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» քառահատոր գլուխ գործոցին: Ան հեղինակած կամ խմբագրած է առաւել քան 30 հատորներ, որոնցմէ վեցը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ 15ը` հայկական պատմական նահանգներուն: Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւադելու ջանքերուն մէջ:
Դոկտ. Յովհաննէսեան «Կուկընհայմ Ֆելօ» մըն էր եւ ստացած է բազմաթիւ համբաւաւոր ազգային եւ միջազգային մրցանակներ` քաղաքացիական գործունէութիւններու դաշտին մէջ իր ծառայութեան համար: Ան եղած է անդամ ազգային եւ միջազգային զանազան կրթական հիմնարկներու վարչութիւններու, նաեւ անդամ էր Հայկական ազգային գիտութիւններու ակադեմիոյ:
Յովհաննէսեան կը պատկանի այն սերունդին, որ պայքարեցաւ հայերու ձայնը խեղդելուն դէմ միջին արեւելեան եւ օսմանեան ուսումնասիրութիւններու դաշտին մէջ, որ հայկական ուսումնասիրութիւնները նետած էր երկրորդ դասակարգի կարգավիճակին մէջ: Ան պայքարեցաւ հայկական ուսումնասիրութիւնները բարձրացնելու նշեալ դաշտերուն մէջ եւ անխոնջ կերպով պայքար մղեց հայկական հարցերը լուսանցքայնացնելուն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն դէմ:
Յովհաննէսեան նաեւ դաստիարակեց տարբեր սերունդներու ակադեմականներ եւ հազարաւոր ուսանողներ: Ան խստապահանջ դաստիարակ էր, որ պահանջեց իր ուսանողներէն ձգտիլ առաւելագոյնին:
Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու, որոնց կարգին` Գարեգին Ա. եւ Բ. ու Արամ Ա. կաթողիկոսներէն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, նահանգային եւ քաղաքային մարմիններէ եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններէ եւ հաստատութիւններէ:
2020ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքը իր՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն» մրցանակը յանձնեց փրոֆ. Յովհաննէսեանին:
«Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը կը շարունակեն ներշնչումի աղբիւր մնալ հայ նոր սերունդին համար: Ան իր անհերքելի դրոշմը դրած է հայութեան պատմութեան մէջ եւ իր ձգած ժառանգութիւնը պիտի յարատեւէ՝ շնորհիւ զայն անձամբ ճանչցած անհատներուն եւ անոր գործերուն միջոցաւ հայոց պատմութեան ծանօթացողներու փաղանգին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին տոմսեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը: