ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Պարտութիւններ եւ յաղթանակներ, ցաւեր եւ սպիներ, ձախողութիւններ եւ յաջողութիւններ, կորուստներ եւ ծնունդներ… եւ տակաւ անհամար զուգահեռներ շա՜տ ու շա՜տ պիտի տեսնենք մեր ազգային կեանքի նորանոր «արահետներ»ներուն վրայ..:
Ի դէպ, հայ ժողովուրդին կեանքը հրաշք առեղծուած մը ըլլալէ անդին, նորաբաց լուսամուտներու շարան մը եղած:
Ազգովին, մենք շա՜տ բան ապրեցանք ու շա՜տ բան տեսանք ու դե՛ռ կը տեսնենք անյաղթելին, եթէ հաւատանք ու կառչինք մեր անխախտելի «սրբութիւն սրբոց»՝ ազգին ու հայրենիքին արդար գոյատեւման նուիրական զոհողութիւններուն եւ ահա՛ այն ատեն միայն, կը շօշափե՛նք ու կը վկայե՛նք ազգային կեանքի նորանոր լուսաբացներն ու նորանոր հորիզոնները, հաւատալով, որ մէկ անգամ յաղթանակ ստեղծողը, կրնայ կրկին նոր յաղթանակներ ստեղծել:
Առ այդ, յանուն մեր գալիք սերունդներուն, մեր միտքերն ու խօսքերը, մեր ծրագիրներն ու գործերը, պէ՛տք է ծառայեն միայն ու միայն, մեր միասնականութեան եւ մեր նորոգ ուժի վերահաստատման ուխտին՝ ազգային զանազան շերտերով եւ ուղղութիւններով:
Դարաւոր պատմութիւն կերտող ժողովուրդի մը զաւակները հա՛րկ է, որ անխախտ ու ինքնավստահ քայլերով շարունակեն իրենց երթը, սակայն, նոր աշխարհի նոր ըմբռնումներով, տեսլականով եւ «զէնք»երով: Պէտք է ազգովին, քաղաքական տեսլականով եւ հիմքերով զարգանանք ու յառաջանանք, քաջ գիտակցելով, որ աշխարհի օրէնքը ներում չի շնորհեր՝ «քնացած միտքերուն, թոյլ ու տկար ազգերուն»:
Արդ, ժամանակի լեզուն եւ տեսլականը, լաւապէս պէտք է ճանչնալ ու հասկնալ, ապա կիրառել զայն, ըստ հարկին եւ ժամանակին: Իսկ մենք, որպէս պատմական ազգ, ի՞նչ կը պակսի մեզի ըմբռնելու եւ կիրառելու այդ ամէնը: Մենք, բոլորս հասակ առած եւ ամրապնդուած ենք հայրենեաց եւ ազգային մեծ սիրով, իսկ ի՞նչ է սէրը, եթէ ոչ, զոհողութեան եւ նուիրումի արժեհամակարգի կիրառումը: Այս պարագային հա՛րկ է գործել, հաստատ հաւատարմութեան տեսլականով եւ ուղիով: Առ այդ, մե՛նք ու միա՛յն մե՛նք, պէտք է ըլլանք մեր ծրագիրներն ու քայլերը տնօրինողն ու ձեւակերպողը: Բա՛ւ է այլոց «թմբուկ»ը հնչեցնենք եւ այլոց նպատակը յառաջ քշելով մեր նաւը դէպի սառոյցի «ժայռը» նաւարկենք ու խորտակելով խորտակուինք ազգովին… եւ ի հետեւանք, ոչ միայն սուր ցաւ այլեւ անդառնալի կորուստներու դէմ յանդիման գալով անճրկինք եւ զիրար մեղադրելով ու յանցապարտներ որոնելով՝ հիւծինք:
Քրիստոնեայ հայը, նաեւ աշխարհիկ հայ պէ՛տք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ յանձնուող հայ քրիստոնեայ, որ միայն «հեզ» ըլլալու համար ստեղծուած էր կարծէք… պէտք է նաեւ ուժ ու կարողութիւն ցոյց տայ ցրելու համար իր դէմ ծառացող ու սպառնացող ներքին թէ արտաքին վտանգն ու չարիքը: Ի վերջոյ, պէտք է հաւատալ, որ միասնականութեամբ միայն կրնանք մեր ուժերը ցուցադրել աշխարհի «բեմ»երէն, փաստելով մեր նոր ու գործնական կայուն ինքնութիւնը. ահա այն ատեն միայն, հաւաստի յոյս կը ներշնչենք, մեզ յաջորդող սերունդներուն, ուղղելով զանոնք, ազգային մեր նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակին իրագործման:
Համայն աշխարհի մէջ, սուգ ու շիւան ապրելու ժամանակները վաղո՜ւց անցած են: Դիւանագիտ-աշխարհա-քաղաքականութիւնը ամենօրեայ սլացքներով կ՛ուրուագծուի ու կը գործէ մեր աչքերուն առջեւ․ մենք նաեւ, մեր անհամար մտային ուժերով, նուիրուած անձնաւորութիւններով եւ «հրաշք» նոր սերունդներով, կրնանք վերանորոգուիլ եւ նպատակաուղղուած ընթանալ, որպէսզի մենք դառնանք, մեր միտքն ու գործը ծրագրողն ու գործադրողը եւ առ այդ, հաշուետուն եւ հաշուեառը: Ի դէպ, մեր նուազ քանակը, բայց եւ փայլուն որակը, համեմատած այլ ազգերու հետ, բաւարար է մեր ինքնավստահութիւնը շոյելու եւ նորանոր յաղթանակներու դրօշը պարզելու աշխարհի առաջ..: Պատմութիւնը փաստած է, որ կը յաղթեն այն ժողովուրդները, որոնք միակամ ու միասնական ջանքերով կ՛առաջանան ու կը ներկայանան աշխարհին, իրենց յարիր տեղը գրաւելով՝ համաշխարհային «բեմ»երուն վրայ:
Միակողմանի չ՛ըլլանք ու միանկիւն չմտածենք մեր պահանջատիրութեան մասին, երբ վաղուց արդէն մեր դասը սորված պէտք էր ըլլայինք պատմութենէն, եւ ամուր կառչելով Խրիմեան Հայրիկի «երկաթէ շերեփ»ին եւ հաւատք ընծայելով անոր, յետ այսու, պէ՛տք է ամուր հիմքերով յառաջանանք, որ կարենանք մեր իրաւունքներուն տէրը դառնալ ու զայն պահպանել մեր իսկ ուժերով, առ այդ, նաեւ մեր գործնական սկզբունքը դարձնել սո՛սկ, մեր միասնական կամքը, ուժն ու գործը:
Հարկ է, պետականօրէն, պետականամէտ քաղաքացիներ դաստիարակել ու ապահովել հայրենիքէն ներս, որպէսզի անոնք՝ պատշաճ ու հաւատաւոր քաղաքացի դառնալով, սիրեն ու յարգեն իրենց երկիրը եւ սփիւռքի տարածքին ապրող ու գործող հայրենակիցները՝ միակամ տեսլականով ուղղորդուին միանալու հայրենիքին մէջ ապրող իրենց հայրենակիցներուն, զուգահեռ, մեր պետական «արդար» այրերը, թող որ ազգային արժէքներով․ նուիրուածութեան միակամ ոգիով ու գործով յառաջանան, որպէսզի կարենանք մեր ձա՛յնը լսելի ու կա՛նչը պատասխանելի դարձնել, քաջ գիտակցելով, որ «ուժեղին մօտ միշտ թո՛յլն է մեղաւոր» եւ « իրաւունքը միշտ ուժեղին է»: Վերջապէս, իրաւացի ու փաստացի է, որ մարդկային ազնուութիւնն ու համեստութիւնը գործնական աշխարհին մէջ իսկ, իրենց տեղը զիջած են «զօրաւորին։ Փաստը՞, իւրաքանչիւրիս անհատական կեանքն է. պրպտեցէ՛ք եւ հաստատեցէ՛ք ձեր իսկ՝ փորձառութեամբ:
Հա՛րկ է յիշել, թէ երբեմն ձախողութեան եւ կամ պարտութեան մասին բարձրաձայն մտածելն ու խօսիլը դէմ յանդիման կը դնէ մեզ, կոպտօրէն հաշտեցնելով իրականութեան հետ, զօրացնելով նաեւ մեր ընդունակութիւնը մեր սխալներուն կամ ոտնձգութիւններուն հանդէպ, սակայն մեր մաղձը բարձրաձայնել եւ անոր թոյնը տարածելը, միայն ու միայն աւերներ գործելով կը քանդէ երիտասարդ սերունդին նորածին ու մատղաշ յոյսն ու հաւատը տուեալ «սուրբ» գործին հանդէպ, որուն վնասը մենք բոլորս միասին կրելով, պիտի տկարանանք, խամրինք ու մարինք մեր ազգին ո՛չ վայել ճակատագրով:
Եկէ՛ք, միասնաբար հաւատանք ու գործենք, վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի մտածումներով, որ կը պատգամէ՝ Չնահանջե՛լ, Չվարանի՛լ, Չվհատի՛լ, այլ ԽՈՅԱՆԱ՛Լ նոր տեսլականներով, ամրակուռ հաւատքով, որպէսզի կորուստն ու պարտութիւնը անցած ըլլայ իր ճամբով, իսկ գալիք նորանոր յաղթանակ(ներ)ը թող որ անցնին նոր «ասֆալթ» ճամբով: