Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կը հարցադրէ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ցարդ սուգ չէ յայտարարած Արցախի վերջին պատերազմին եւ վառելանիւթի շտեմարանին մէջ պատահած պայթումի զոհերու յիշատակին:
«Նման տարողութեամբ ողբերգութիւնը, երբ շուրջ 500 անձեր զոհուած են, անոր գումարած Արցախի ժողովուրդի ամբողջական հայրենազրկումը, առաւել քան համապետական եւ համազգային սուգի հիմք կը հանդիսանան: Որքան ալ փաստօրէն սուգը շատ է մեր կեանքին մէջ, այդպիսի խորհրդանշական պետական արարողակարգերը եւ անոնց բացակայութիւնը ցոյց կու տան իշխանութիւններու գաղափարախօսական վերաբերումը իրադարձութիւններու նկատմամբ: Սուգ յայտարարելու վերջին կարելիութիւնը, ըստ իս, 29 Հոկտեմբերն է՝ պատերազմի 40րդ օրը…», ըսաւ Բեգլարեան: