Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հարցը սեղանին է, բայց չմանրամասնեց, թէ արդեօք Գանատայի կառավարութիւնը ընդհանրապէս կը ծրագրէ՞ զանոնք կիրարկել եւ ի՞նչ ձեւով։ Ան կը պատասխանէր լրագրողի մը հարցումին, որ կը վերաբերէր Արցախի դէմ Սեպտեմբերի յարձակումէն ետք Գանատայի գործողութիւններուն, եւ որ արդեօք Թրիւտոյի կառավարութիւնը լրջօրէն կը դիտարկէ՞ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հարցը:

Ժոլի պատժամիջոցները կապեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելուն: «Ամէն ինչ սեղանին է: Այդուհանդերձ, մենք կ՛ակնկալենք, որ յարգուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Եւ մեզի համար այդ մէկ բան կը նշանակէ եւ կը հետեւինք անոր», ըսաւ ան:
Ժոլի նոյն բանը ըսած էր ամիս մը առաջ՝ Արցախի վրայ ռազմական յարձակումէն ետք Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու կոչ ուղղող գանատացի պատգամաւորներուն՝ յայտնելով. «Ամէն ինչ սեղանի վրայ է, պատժամիջոցները կարելի են»:
Երեւանի մէջ Ժոլին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը որակեց չհիմնաւորուած եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: «Գանատա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի շարունակական ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղութեամբ: Բայց, մենք բոլորս ալ համաձայն ենք, որ պէտք է ընել աւելին: Գանատա կոչ կ՛ուղղէ՝ յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը վերահաստատէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի բացառման սկզբունքի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը: Գանատան նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ յարգելու Արցախէն վերջերս տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը եւ բարեխճութիւն դրսեւորելու` նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի վերականգնման, բնիկ հայերուն ապահով վերադարձին համար», ըսաւ Ժոլի:
Ան նաեւ յայտարարեց Արցախէն հեռացած հայերուն մարդասիրական օգնութեան յաւելման մասին` մինչեւ 4 միլիոն տոլար:
Արարատ Միրզոյեան հաստատեց, որ միջազգային ուղերձները ազդեցութիւն չունեցան, եւ Ատրպէյճան կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական ցեղային զտումը: Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ունի այն կարծիքը, որ տակաւին կայ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հասցէագրման կարելիութիւն, բան մը՝ որ մինչեւ պատերազմը կը պնդէր Երեւան, բայց Պաքու զայն կը մերժէր:
«Մենք վստահ ենք, որ առկայ են կիրառելի մեխանիզմներ (գործիքակազմեր), որոնց արդիւնաւէտ գործարկումը կարող է նպաստել տարածաշրջանում անպատժելութեան մթնոլորտի յաղթահարմանը եւ իր հայրենիքից զրկուած ժողովրդի իրաւունքների հասցէագրմանը», ըսաւ ան եւ դարձեալ շարադրելով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան Հայաստանի պատկերացումները՝ աւելցուց «Մենք հնարաւորութիւն ենք տեսնում կարգաւորել առկայ խնդիրներն այն սկզբունքների վրայ, որոնք իրենց արտացոլումը գտան Գրանադայի քառակողմ հանդիպման արդիւնքներով ընդունուած յայտարարութեան մէջ: Այդ նպատակով առաջնային է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը` բացառելով առաւելապաշտական նկրտումները, երկու երկրների միջեւ սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհդային Միութեան Գլխաւոր շտաբի ամենաթարմ քարտէզների վրայ: Մենք շահագրգիռ ենք նաեւ տարածաշրջանային կապուղիների ապաշրջափակմամբ` հիմնուած երկրների ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքների»:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումը։ Ժոլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։
