Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կատարած ցեղային զտումը դատապարտող բանաձեւ մը: Այս մասին յայտնեցին Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ազգային խորհուրդի նիստին պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով մասնակցեցաւ Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Պապիկեան:
Մեծ թիւով պատգամաւորներ հանդէս եկան Ատրպէյճանը դատապարտող ելոյթներով` կոչ ուղղելով Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութեան՝ սատարելու Հայաստանին ու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին:
Օրէնսդիր մարմինին մէջ ներկայացուած բոլոր հինգ խմբակցութիւններուն աջակցութիւնը ստացած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ միջազգային «բոլոր հարթակներու վրայ եւ երկկողմ քննարկումներու ընթացքին դատապարտելու Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, որոնք պատճառ դարձան առաւել քան 100,000 բնիկ հայերու զանգուածային արտագաղթին Լեռնային Ղարաբաղէն»:

Բանաձեւը կ՛ընդգծէ Արցախի մէջ մնացած հայերու եւ Արցախ վերադառնալ փափաքողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժին վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու կատարման կարեւորութիւնը:
Աւստրիոյ կառավարութեան նաեւ կոչ կ՛ուղղուի՝ ներգրաւուած միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ազատ եւ անխոչընդոտ, երկարատեւ մուտքը ապահովելու Արցախ, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային արժէքներու եւ եկեղեցիներու համապարփակ պաշտպանութեան համար: Բանաձեւը նաեւ հանդէս կու գայ Հայաստանին` իբրեւ աւստրիական զարգացման համագործակցութեան առաջնահերթ երկիր, անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելու օգտին` մարդասիրական իրավիճակի հետագայ կայունացման համար: