Կիրակի, 17 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս Տօնոյեանի հրաւէրով, Շահան արք. Սարգիսեան Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, ապա շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծխական համայնքի զաւակները եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:
Տէրունական սեղանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ:
Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ, Շահան սրբազանը մէջբերեց Դաւիթ մարգարէի խօսքերը, թէ Տէրը նշան մը տուաւ Իրմէ վախցողներուն, Իրեն վստահողներուն, որովհետեւ Տէրը կը հրաշագործէ, երբ նշանը ունեցողները կը տկարանան, կը հալածուին, աղէտներու կը մատնուին կամ կ՛իյնան որոգայթներու մէջ, այլեւ ու մանաւանդ երբ փորձութիւններու մէջ եղողները զգան, որ իրենք անզօր են եւ դիմեն Աստուծոյ օգնութեան: Հոգեւոր խօսքի բացատրութեան աւարտին, Շահան սրբազանը ըսաւ. «Մեր Տէրը փրկութեան Աստուած է, Խաչը իր նշանն է, անիկա Խաչեալը կը խորհրդանշէ, մինչ Վերացման Խաչի տօնը Քրիստոսով մեզ երկինքին միացնող տօնն է»: