Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բարձր օրհնութեամբ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արեւելեան Ամերիկայի Հայաոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ՝ շինարար Յակոբ Լուսարարեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Ժիրայր Հապիպեան իրենց քաղաքներէն մեկնեցան Հայաստան՝ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, տեղահանուած արցախահայութեան ամէնէն կարիքաւոր հատուածին մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանը Լոս Անճելըս կը վերադառնայ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին: