Իսրայէլեան շարունակական ռմբակոծումին տակ գտնուող Կազայի հիւանդանոցներէն մէկուն վրայ յարձակումը, ըստ տեղւոյն առողջապահական ոլորտի մարմիններուն, Երեքշաբթի գիշեր շուրջ 700 զոհեր խլեց։
Մինչ յարձակումին պատասխանատուն Իսրայէլն է, Չորեքշաբթի օր զօրակցական այցելութեան մը համար Իսրայէլ գտնուող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը հիւրընկալած Թել Աւիւի իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ հիւանդանոցը պաղեստիցիներու կողմէ ռմբակոծուեցաւ։