
Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Արեւմտեան շրջանի հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւն ցուցաբերող յանձնախումբին՝ CASPS-ի աւանդական տարեկան ձեռնարկին, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ եւ սրբազան հօր կողմէ գնահատագիր ստացաւ յանձնախումբի հիմնադիր եւ բազմաբեղուն նուիրեալ անդամ Մետիա Քալոկնոմոս, եւ համապատասխան գնահատագիրներ ստացան 2025 կրթական տարեշրջանին բարձր միջին ապահոված՝ Կլենտէյլի շրջանի հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Glendale Performing Arts Center-ին մէջ: Առաջնորդին կ՛ընկերակցէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Մովսէս քհնյ. Շաննագեան:


Այս առիթով, առաջնորդը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ Քալոկնոմոսի բերած նպաստին եւ մեծապէս գնահատեց անոր վաստակը եւ ներդրումը շրջանի հայ զաւակներու ուսումնական կեանքին մէջ: Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ, սրբազանը, խօսքը ուղղելով կրթական բարձրագոյն միջիններ ապահոված հայ աշակերտներու խումբին՝ ըսաւ․ «Գնահատանքի արժանի այս հայ տղաքը Կլենտէյլի շրջանի հանրային երկրորդական վարժարաններու աշակերտներէն են, որոնք իրենց ջանասիրութեան շնորհիւ ձեռք ձգած են բարձրագոյն արդիւնքներ՝ շրջանի կրթական մակարդակի նշաձողը աւելի եւս բարձրացնելով, ինչ որ յաւելեալ լուսաւորութիւն կու տայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի քաջալեր առաքելութեան: Այս առիթով, մեր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը կ՛ուղղենք մեր համայնքին ու ազգին պատիւ բերող իւրաքանչիւր տղուն եւ աղջկան. թող ձեր ուսումնառութեան բոլոր տարիները ողողուին կանաչ լոյսով, ձեր ապագան լեցուն ըլլայ փայլուն յաջողութիւններով, որպէսզի, ձեր կարգին, դո՛ւք եւս՝ ձեր ներդրումը ունենաք ձեզի յաջորդող սերունդներու ուսումնական կեանքի բարելաւման ու յառաջդիմութեան այնքան կարեւոր գործին մէջ»:
Յիշեցնենք, որ CASPS-ը հիմնուած է 1994ին եւ կը վայելէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը:


