ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՍԱՄՑԽԷ-ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԵՏԻԱ» ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արդէն աւելի քան ութը ամիսէ ի վեր Արցախը պաշարուած է։ Ինչո՞վ կը բացատրէք յատկապէս Արեւմուտքին լռութիւնը։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.– Իմ կարծիքով, ամէնէն շատը Արեւմուտքն է որ կը բարձրաձայնէ Արցախի պաշարման հարցը։ Ամերիկայի պետական քարտուղարը եւ Եւրոպական Միութիւնը բազմաթիւ կոչեր ըրած են բանալու Բերձորի միջանցքը։ Նաեւ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներու պետական դէմքեր նոյնանման կոչեր ըրած են։ Կայ նաեւ Հաագայի Միջազգային դատարանի որոշումը՝ անյապաղ բանալ միջանցքը։ Իսկ այս դատարանը իրաւական հաստատութիւն ըլլալով հանդերձ, արեւմտեան քաղաքականութեան լծակներէն մէկն է։ Իսկ վերջերս ՄԱԿի մէջ արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչները շատ յստակ հնչեցուցին Բերձորի միջանցքը բանալու իրենց պահանջը։ Այստեղ պէտք է նշել, որ Հայաստան Արեւմուտքին դաշնակիցը չէ, այլապէս Արեւմուտքը շատ աւելի գործօն դերակատարութիւն կ՛ունենար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները դիւանագիտական բաւարար աշխատանք կը տանի՞ն Արցախի պաշարումը վերացնելու։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Վերջին շրջանին Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութիւնը մեծ աշխատանք կը տանի, բայց պէտք է ձգտիլ աւելիին։ Բարեբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները 2020ի պատերազմէն ետք աւելի լաւ սկսած են ընկալել, թէ ինչ կը կատարուի տարածաշրջանին մէջ եւ այդ իմաստով սկսած են աւելի գործունեայ մասնակցութիւն բերել կատարուող դիւանագիտական աշխատանքներուն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի հայաթափումը ձեռնտու չէ նաեւ Ռուսիոյ։ Ի՞նչ շահեր կը հետապնդէ այսօր Ռուսիան՝ պաշարուած պահելով Արցախը։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը ներկայիս հիմնուած է Փութինի եւ իր մերձաւորներուն անձնական շահերուն վրայ եւ ոչ թէ Ռուսիոյ ազգային եւ պետական շահերուն։ Այս տրամաբանութեամբ պէտք է դիտել նաեւ ռուս-ուքրանական պատերազմը։ Շատ հաւանաբար Փութինի եւ իր մերձաւորներուն ձեռնտու է Արցախի հայաթափումը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ որոշ սակարկութեան դիմաց՝ ինչպէս ռուսական ռազմակայանի վերջնական տեղակայում Արցախի մէջ։ Բայց այս ընթացքով Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կրնան ռուսական խաղաղապահ կոչուող ուժերու հեռացումը պահանջել, Արցախի հայաթափումէն ետք։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի քաղաքական դաշտին մէջ վերջերս տեղի ունեցած փոփոխութիւնները զուտ իշխանական «կռիւ» ե՞ն թէ՞ կապուած են արտաքին ազդակներու եւ նախագիծերու հետ։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Արցախի իշխանութիւնները սկսած են համատեղել իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, Արեւմուտքին հետ գործակցելու կոչերով։ Միւս կողմէ, անոնք համաձայն գտնուեցան Ատրպէյճանի հետ ուղղակի բանակցելուն, ինչ որ ռուսերուն համար անակնկալ էր։ Արցախի իշխանութիւններու որոշակիօրէն անկախ քաղաքականութիւն վարելու փորձերը ձեռնտու չէ ռուսերուն, որոնք Ռուբէն Վարդանեաններու միջոցով կը փորձեն իշխանափոխութիւն կատարել այնտեղ, որմէ ետք նոյն միջոցով տապալել Հայաստանի իշխանութիւնները։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք Արցախի հայութեան բարոյահոգեբանական վիճակը։ Ժողովուրդ-իշխանութիւնը խզում կա՞յ։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Խզում կայ, բայց Արցախի ժողովուրդը այնքան իմաստուն է, որ այս հանգրուանին զայն պէտք չէ դրսեւորէ։ Նման դրսեւորում կը նշանակէ Արցախի պետականութեան աւարտ եւ Արցախի կորուստ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Արցախի պաշարման վերացումը եւ առհասարակ Արցախեան հարցի լուծումը։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Անհրաժեշտ է շատ զօրաւոր ճնշում Ատրպէյճանի վրայ եւ այդ մէկը ի վիճակի է ընել Ամերիկան եւ Եւրոմիութիւնը՝ այսինքն հաւաքական Արեւմուտքը։ Անոնք կրնան տարբեր ձեւերով մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնել Արցախ, որու պատճառով Ատրպէյճանը կրնայ ստիպուիլ բանալ միջանցքը։ Հաւանաբար ամէնէն ճիշդ լուծումը ռազմական ճամբով բանալն է, բայց Հայաստանը բաւարար չափով զինուած չէ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ մանաւանդ Ռուսիոյ ջանքերուն հետեւանքով մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք չի հասնիր Հայաստան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը նիստ գումարեց եւ ապարդիւն դուրս եկաւ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ յաջորդ քայլը։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Համաձայն չեմ որ ՄԱԿի ԱԽի քննարկումը ապարդիւն էր։ Մասնակցող երկիրներուն մեծամասնութեան կոչը յստակ էր, որ Ատրպէյճանը պաշարած է Արցախը եւ ցեղասպանութեան վտանգ կը սպառնայ արցախահայութեան։ Այս նիստով Արցախի հարցը աւելի միջազգային բնոյթ ստացաւ եւ հետզհետէ ինքնորոշումը աւելի ընկալելի կը դառնակ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ռուս-ուքրանական շարունակուող պատերազմի հետեւանքով Ռուսիա տկարացած է։ Որքա՞ն ժամանակ անիկա կրնայ պահել իր ներկայութիւնը Արցախի եւ ընդհանրապէս Կովկասի մէջ։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.– Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը Փութինի սխալն էր եւ այսօր Ռուսիա արդէն հիւծած է։ Արեւմուտքը թէ՛ զինուորապէս, թէ՛ արհեստագիտութեամբ եւ թէ տնտեսապէս շատ աւելի զօրաւոր էր եւ է քան Ռուսիան։ Այս մաշող պատերազմի հետեւանքով Ռուսիա իր դիրքերը սկսած է կորսնցնել ամբողջ աշխարհի մէջ եւ ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանայ նաեւ Կովկասէն։ Հակառակ այս իրողութեան, ռուսերը կը շարունակեն քաղաքական վնասներ պատճառել հայկական պետականութեան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախեան ներկայ ճգնաժամին նկատմամբ ի՞նչ է Վրաստանի կառավարութեան եւ վրացահայութեան կեցուածքը։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Վրաստանի կառավարութենէն մեծ ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենալ։ Անիկա ո՛չ Ատրպէյճանին ոչ ալ Հայաստանին վրայ ազդելու լծակներ ունի եւ այդ պատճառով չէզոք դիրք ունի։ Իբրեւ բարի կամեցողութիւն, օժանդակեց որոշ գերիներու վերադարձին։ Իսկ վրացահայութեան եւ Ջաւախքի հայութեան կեցուածքը պարզ է. Արցախը պէտք է դառնայ անկախ, որովհետեւ Ատրպէյճանի կազմէն ներս անոր կը սպառնայ ցեղասպանութիւն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ ակնկալութիւններ պէտք է ունենալ սփիւռքահայութենէն։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Մենք կ՛ակնկալենք, որ սփիւռքահայութիւն աւելի գործունեայ դեր պէտք ստանձնէ։ Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք մեծ հիասթափութիւն կայ Սփիւռքի մէջ, որ հետեւանք է 30 տարուան երազային վիճակին, թէ հայկական բանակը անպարտելի է եւ Արցախեան հարցը լուծած ենք։ Ժամանակն է, որ այդ հիասթափութենէն դուրս գալու, հասկնալու սխալները եւ որդեգրելու պայքարի նոր միջոցներ եւ ուղիներ, Հայաստանը եւ Արցախը դէպի նոր յաղթանակներու առաջնորդելու համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ պատգամ ունիք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ԷՏՈՒԱՐՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր կուսակցութիւններու կամ կրօնական դաւանանքներու պատկանիլ, սակայն իբրեւ հայ, բոլորիս համար ազգային շահը գերադաս պէտք է ըլլայ։ Տեղեկութիւնները ստանալ տարբեր աղբիւրներէ, որպէսզի ճիշդ եզրայանգումներ կատարենք եւ փորձենք ճիշդ ձեւով օժանդակել Հայաստանին եւ Արցախին։