Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Արցախի տարածքին մէջ: Այս մասին կ՛ըսուի 23 Օգոստոսին Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագիրին մէջ:
Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան զինադադարի դրութեան խախտման չորս դէպքեր. զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ՝ փաստերը ճշդելու նպատակով։