Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք 23 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումինընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանի ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Քասփրչիք Հայաստան կը գտնուի ԵԱՀԿի գործող նախագահի` Լաչինի միջանցքը այցելելու եւ անոր իրավիճակին մասին զեկուցելու իր յանձնարարարութեան ծիրին մէջ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին` Միրզոյեան շեշտեց միջազգային հանրութեան, որուն մէջ ԵԱՀԿի կողմէ հրատապ եւ գործուն քայլերու հրամայականը` վերահաս մարդասիրական աղէտը եւ անոր անդառնալի հետեւանքները կանխելու նպատակով:
Միրզոյեան վերահաստատեց նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ապահովութեան հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը՝ միջազգային գործուն գործիքակազմերու ներքոյ: