Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին կատարուեցան քննարկումներ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Արցախի ու Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակին շուրջ` Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Ժոզէփ Պորելի մասնակցութեամբ:
Ան պատասխանեց պատգամաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին, Լաչինի միջանցքի արգելափակման, զոր Ատրպէյճան չդադրեցուց նոյնիսկ միջազգային դատարանի որոշումէն ետք, Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար Եւրոպական Միութեան գործադրած ջանքերուն, տարածաշրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան եւ Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան հնարաւոր ազդեցութեան՝ Պրիւքսէլի դիրքորոշման վրայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախի շրջափակումը շարունակելու եւ Լաչինի ճամբան չբանալու իրականութեան դիմաց Եւրոպական Միութիւնը ինչո՞ւ աւելի կոշտ քայլերու չդիմեց Պաքուի նկատմամբ՝ Պորել ըսաւ, որ միութիւնը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը չի նպաստեր վստահութեան կառուցման ջանքերուն, բայց Լաչինի միջանցքը դուրս է Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պատասխանատուութենէն, եւ որ Եւրոպական Միութիւնը խնդրեց Ատրպէյճանէն՝ բանալ միջանցքը: «Բայց մենք չենք կրնար ուժով ստիպել», աւելցուց ան։
Պորել դիտել տուաւ, որ միութիւնը կը փորձէ կարգաւորման հասնել բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան միջոցով՝ յիշեցնելով, որ վերջերս Մոլտովիոյ մէջ երկու երկիրներու առաջնորդներուն հետ հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի նախագահը, Գերմանիոյ վարչապետը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, եւ այլ հանդիպում մը նախատեսուած է Յուլիսին, Շարլ Միշէլի հետ, Պրիւքսէլի մէջ:
«Մենք դիւանագիտական եղանակով ամէն ինչ կ՛ընենք հակամարտութիւնը լուծելու համար, եւ առաջնորդները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու բանակցութիւնները եւ ճանչնալու իրարու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», ընդգծեց Պորել:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան վերաբերող հարցումին իբրեւ պատասխան` Պորել ըսաւ, որ անիկա շատ կարեւոր մաս է խաղաղ գործընթացին մէջ յառաջընթացի հասնելու ջանքերուն մէջ: «Անիկա բացառապէս քաղաքացիական առաքելութիւն է, զինուած առաքելութիւն չէ. բոլոր անդամները, ներառեալ` հրամանատարները քաղաքացիական են. այնտեղ զինուորական անձնակազմ չկայ»: Ան աւելցուց, որ դիտորդներուն լիազօրութիւնները սահմանափակ են եւ անոնք կը հետեւին սահմանային իրավիճակին, կ՛արձանագրեն միջադէպը` փորձելով կանխել, որ միջադէպերը զարգացում չունենան։
Պորել հաստատեց, որ Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան համաձայնագիրը որեւէ ազդեցութիւն չունի Պրիւքսէլի դիրքորոշման վրայ` Ատրպէյճանի նկատմամբ աւելի լաւ վերաբերմունք ցոյց տալու պարունակին մէջ՝ աւելցնելով, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը դրական քայլ է խաղաղութեան գործընթացի յառաջընթացին համար: