
System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանգեան քննադատեց Ատրպէյճանի մէջ ելոյթ ունեցող աստղերը՝ շեշտելով, որ անոնք այսպիսի քայլերով կը նպաստեն «ատրպեճանական բռնապետութեան կերպարի սպիտակացման»։
«Իսկապէս հիասթափած եմ, որ գործընկեր-արուեստագէտներ եւ մարզական աստղերը կ՛օգտագործուին Ատրպէյճանի ռազմական ոճիրները, մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ ոտնձգութիւնները սպիտակացնելու նպատակին համար: Այս ազգայնամոլ, ցեղապաշտական, մենատիրական բռնապետութիւնը արժանի չէ «Ֆորմիւլա 1»ին կամ Ռիհաննայի նման արուեստագէտներուն», կը գրէ Թանգեան՝ աւելցնելով. «Այս իրադարձութիւններէն իւրաքանչիւրը եւ այս արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրը պատասխանատու են (Ատրպէյճանի մէջ) մարդկային իրաւանց գալիք խախտումներուն համար»: