Ատրպէյճանցիները Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի (Լաչինի միջանցքի) Հակարիի կամուրջին վրայ, իրենց՝ ապօրինաբար տեղադրած անցակէտին մէջ դիտաւորեալ կերպով կը խոչընդոտեն Հայաստանի Հանրապետութեան հաշուառում ունեցող քաղաքացիներուն մուտքը Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին արձագանգեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան՝ յիշելով վերջին դէպքը, երբ ատրպէյճանցիները արգելեցին երկու կիներու եւ մանուկի մը մուտքը Արցախ. անոնք Հայաստան մեկնած էին բուժման եւ ապաքինումէ ետք տուն կը վերադառնային, ենթադրաբար, ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժով։
«Արձանագրուած բոլոր դէպքերում քաղաքացիները թէեւ ունեցել են Հայաստանի հաշուառում, այնուամենայնիւ, մշտապէս բնակուել են Արցախում, ընդ որում, նրանց ընտանիքները եւս բնակւում են Արցախում: Տուեալ անձինք շրջափակման պայմաններում մեկնել էին Հայաստանի Հանրապետութիւն բուժման նպատակով, եւ այժմ, առողջական խնդիրների լուծումից յետոյ չեն կարողանում վերադառնալ իրենց տներ: Ուշագրաւ է, որ ադրբեջանական կողմը թոյլատրել է նրանց ելքն Արցախից` կամայական ու ապօրինի կերպով արգելելով մուտքը», «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրած է ան՝ աւելցնելով, որ, ըստ Արցախի ՄԻՊի աշխատակազմին կողմէ հաւաքագրուած տուեալներուն, անցակէտի տեղադրման պահէն ի վեր արձանագրուած են նման առնուազն երեք դէպքր։
Ստեփանեան կը նշէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած ոտնձգութիւններուն պատճառով խախտած են այդ անձերուն ոչ միայն ազատ տեղափոխուելու, այլ նաեւ ընտանիքին՝ վերամիաւորուելու իրաւունքները: Ան նաեւ կ՛ընդգծէ, որ 23 Ապրիլէն ի վեր, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ Հակարի կամուրջին վրայ ապօրինի կերպով տեղադրուած անցակէտը եւ այդ ճամբով անձերու, ինքնաշարժներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը խոչընդոտող այլ միջոցները կը խախտեն ոչ միայն մարդու իրաւունքներու միջազգային հանրայայտ սկզբունքները, այլ նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, մասնաւորապէս` 6րդ կէտը, որուն միջոցաւ կը նախատեսուի անձերու, ինքնաշարժներու եւ բեռներու ապահով ու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:
Ըստ Ստեփանեանի` Ատրպէյճան տարբեր քարոզչական տեսանիւթերով կը փորձէ աւազ փչել միջազգային հանրութեան աչքերուն` ցոյց տալով, որ իբր թէ միջանցքը արգելափակուած չէ եւ ապահովուած է մարդոց ազատ տեղաշարժը: «Այնինչ անցակէտի առկայութիւնը, անձնագրային, բեռների ու այլ տիպի հսկողութեան միջոցների կիրառումը Ադրբեջանի կողմից արդէն նշանակում են խոչընդոտներ անխափան տեղաշարժի համար` յարուցելով ոչ միայն անվտանգութեան, այլեւ` ցանկացած պահի խափանիչ կամայական այլ միջոցներ կիրառելու էական ռիսկեր (վտանգներ): Ըստ Արցախի ՄԻՊի` արձանագրուող դէպքերը եւս մէկ անգամ ապացուցում են ադրբեջանական պետական քարոզչութեան սնանկութիւնը եւ Ադրբեջանի կողմից Արցախի ժողովրդի դէմ համակարգային եւ հետեւողականօրէն իրականացուող էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութիւնը», կ՛ըսէ Ստեփանեան:
Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն հետ համագործակցութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Գէորգ Միրզոյեան յայտնեց, որ արդէն 10 օրերէ ի վեր Հակարիի կամուրջի ատրպէյճանական անցակէտով կանոնաւոր փոխադրութեան սկսած են ռուս խաղաղապահները՝ իրենց 28 հոգինոց մարդատարով: «Ճիշդ է` այնտեղ շատ հերթագրուածներ կան, վերջին տուեալներով` աւելի շատ է Հայաստանից Արցախ եկողների թիւը, քան Արցախից Հայաստան», ըսաւ ան։
Ըստ Միրզոյեանի` բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք կէս տարի առաջ` միջանցքը փակուելէն ետք, մնացած էին Հայաստան, կը սպասեն. անոնք շուրջ 500 անձեր են: Անոնք կը ցանկագրուին, ապա կը փոխադրուին հրատապ կարիք ունեցողները կամ անցակէտի տարբեր կողմերը յայտնուած ընտանիքի անդամները: