ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Մարզական խորհուրդը, գեղեցիկ աւանդութեան մը համաձայն, ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Մարտ ամիսներուն կը կազմակերպէ Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտական մարզախաղեր (ՔԱՀԱՄ)՝ պասքեթպոլի, ոտնագնդակի (ֆութպոլ, սաքըր), փինկ-փոնկի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն մէջ: Անկասկած, որ ՔԱՀԱՄը իբրեւ գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մէջ արմատացնել մրցակցութեան ոգին: Միաժամանակ, այս մրցումներուն մասնակցող հայ աշակերտութիւնը կը ծանօթանայ ՀՄԸՄին եւ անոր առաքելութեան:
Երկար ամիսներու մրցակցութեամբ շրջանը ոգեւորելէ ետք, Կիրակի, 7 Մայիսին, «Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլ»ի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ եզրափակուեցաւ ՀՄԸՄի 37րդ ՔԱՀԱՄը՝ բազմաթիւ ծնողներու, աշակերտներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ:
Սոյն հանդիսութեան ընթացքին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերուն եւ հանրութեան ներկայացուեցան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած՝ շրջանէս ներս հանրածանօթ ՀՄԸՄականներ՝ տէր եւ տիկ. Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները եւ 2023ի Տիպար ՀՄԸՄականը՝ Մանուէլ Մարսէլեանը:
Օրուան խօսնակն էր Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետուհի Ալիք Մարսէլեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Մովսէս քահանայ Շաննաքեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտ Գիլիճեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահ Վիգէն Աբէլեան, Տիպար ՀՄԸՄական Գօգօ Պալեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Արմինէ Ալէքսան Փափազեան, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, բազմաթիւ ծնողներ, մարզասէր համակիրներ եւ ՀՄԸՄականներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ. մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի փողերախումբը, որ իր ազգայնաշունչ քայլեղանակներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: ՀՄԸՄի շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Շարլին Կոզալեանսի գլխաւորութեամբ, դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան շրջանի արի-արենուշները, որոնք ներկայացուցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ ՀՄԸՄի դրօշները: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները եւս նուագեց ՀՄԸՄի նուագախումբը:
Ապա ներկաները ունկնդրեցին Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Երուանդ սարկաւագ Քէշիշեանի: Յանուն ՔԱՀԱՄի մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն՝ խօսք առաւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհի Անի Սարգիսեան, որ շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄի 37րդ մարզախաղերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայկական դպրոցներուն ու կազմակերպութիւններուն:
Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հայրական բարեմաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Կլենտէլի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Մովսէս քահանայ Շաննաքեան, որ շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄի մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց վարչութեան ներկայացուցիչ Սիւզի Օհանեան, որ բացատրելով ՔԱՀԱՄի կազմակերպման նպատակը՝ ըսաւ. «37 տարիներ շարունակ, բոլորս հպարտանքը ապրեցանք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ, ի տես շրջանի հայ աշակերտութեան արձանագրած մարզական յաղթանակներուն: Յաղթանակներ, որոնք ո՞վ գիտէ ի՜նչ հանճարներու ծնունդ պիտի տան եւ պիտի ծաղկեցնեն հայրենակարօտ մեր սրտերը: Ամէն տարի, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուող Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտական մարզախաղերը, բոլորիս ծանօթ՝ ՔԱՀԱՄը, նպատակ ունի շրջանի հայ աշակերտութիւնը համախմբելու, անոնց համար մարզական մաքուր մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ անոնց ծանօթացնելու ՀՄԸՄը, որուն դռները միշտ բաց են բոլորիդ առջեւ»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու մարզիչներուն, իրաւարարներուն եւ յատկապէս ծնողներուն, որոնց տրամադրած անսահման ժամանակին եւ քաջալերանքին շնորհիւ, իրականացան աշակերտական այս մարզախաղերը: Նաեւ, ան բարձր գնահատեց մեր սերունդները հայօրէն դաստիարակող եւ հայութիւնը պահպանող կրթական բոլո՛ր օճախները, անոնց տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը եւ վստահեցուց, որ ՀՄԸՄը անոնց թիկունքին կը մնայ:



Այնուհետեւ, Օհանեան ներկայացուց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնող ազգանուէր զոյգը՝ տէր եւ տիկ. Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները, եւ հրաւիրեց Ճեք Եուրէճեանը կատարելու պաշտօնական բացումը: Այսպէս, փողերախումբի թմբուկներու ոգեւորիչ հարուածներուն ներքոյ վեր բարձրացաւ Նաւասարդեանի խորհրդանիշը, իսկ Ճեք Եուրէճեան բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերը՝ խլելով ներկաներուն երկարաշունչ ծափողջոյնները: Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ 46րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսի արժանացած է վաստակաշատ ՀՄԸՄական Մանուէլ Մարսէլեան, նկատի ունենալով տասնամեակներու վրայ երկարող անոր նուիրումը՝ այս մեծ կազմակերպութեան:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, որ անկեղծ արտայայտութիւնն էր անոնց ամիսներու մարզական առողջ մրցակցութեան:
Գեղեցիկ երեւոյթ էր տեսնել վարժարաններու տնօրէններու տողանցումը՝ իրենց աշակերտներուն հետ, որոնք հպարտանքով ստանձնեցին ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղերուն մէջ վաստակած իրենց յաղթանակի բաժակները:
ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

ՀՄԸՄի ՔԱՀԱՄի այս տարուան մարզախաղերը յաջողութեամբ իրենց աւարտին հասան մասնակցութեամբ՝ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Հայ Քոյրերու, ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան, Հայ Աւետարանական Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան, Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան, Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան, Սահակ Մեսրոպ, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարաններուն:
Նշեալ վարժարանները մասնակցեցան պասքէթպոլի 113, ոտնագնդակի 46 եւ վոլիպոլի 34 խումբերով: Աթլեթիզմին մասնակցեցան 420 մարզիկ աշակերտներ, իսկ փինկ փոնկին՝ 37 աշակերտներ:
Վերջնական արդիւնքներ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Պասքեթպոլ. առաջին՝ «Շամլեան», երկրորդ՝ «Ֆերահեան-Գապայեան», երրորդ՝ «Ալեք Փիլիպոս»:
Ոտնագնդակ. առաջին՝ «Ֆերահեան-Գապայեան», երկրորդ՝ «Շամլեան», երրորդ՝ «Ալեք Փիլիպոս»:
Վոլիպոլ. առաջին՝ «Ալեք Փիլիպոս», երկրորդ՝ «Շամլեան», երրորդ՝ «Ֆերահեան-Գապայեան«»:
Աթլեթիզմ. առաջին՝ «Ֆերահեան-Գապայեան», երկրորդ՝ «Շամլեան», երրորդ՝ «Մանուկեան-Տեմիրճեան»:
Փինկ-փոնկ. առաջին՝ «Շամլեան», երկրորդ՝ «Ալեք Փիլիպոս», երրորդ՝ «Ֆերահեան-Գապայեան»:
«Դպրոցական ոգիի բաժակ»ին (Spirit Trophy) արժանացաւ՝ «Ալեք Փիլիպոս»ը:
«Մարզական ոգիի բաժակ»ին (Sportsmanship Trophy) արժանացաւ՝ «Ֆերահեան-Գապայեան»ը:
«Նուաճման բաժակ»ին (Achievement Trophy) արժանացաւ՝ «Շամլեան»ը:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՄԸՄէն)