ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՏԸ

Ե՞րբ արատաւորուեցաւ մեր քաղցրիկ լեզուն: Անվայելուչ ախտեր ե՞րբ պատեցին, պղտորեցին, պղծեցին մեր աչքը, հայեացքը, քաղաքական կեանքը եւ մեր՝ Մայր աթոռը (քաւ լիցի, համեստս իրաւասու չեմ այդպիսի դատողութիւն մը կատարելու, Ս. Էջմիածինի մասին այդ կարծիքը յայտնած է Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանը… Անոր մասին քիչ ետք պիտի արտայայտուիմ): Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ հայը կը փորձէ իր նախկին արատներէն ձերբազատուիլ, որոշեցի մեր արատներուն մասին խօսիլ, ի հարկէ՝ գրական գետնի վրայ, համապատասխան ակնարկութիւններով, կասկած չունենալով, որ «արատ» գոյականն է բոլորին արմատը: Ուստի, այժմ, փարատենք պատմութեան մշուշը եւ խոստովանինք մեր թերութիւնները՝ վկայակոչելով անարատ տաղասացներն ու իմաստուն գրագէտները:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՇՈՒՆՉԸ
Աստուածաշունչ մատեանը առատօրէն գործածեց «արատ» բառը եւ անոր ածանցաւորները, ինչպէս՝ արատաւոր, արատել, արատեալ, անարատ: Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած անարատներն են՝ պատարագը, մարմինը, հայելին, կարմիր երինջը, խոյը, ոչխարը եւ գառնուկը: Իսկ մարդը ինչպէ՞ս հաստատէ մաքուր անուն: Շինել քաղա՞ք: Ունենալ զաւա՞կ: Գիրքը կ՛ըսէ, որ կայ աւելի՛ լաւը. «Եւ շինուած քաղաքաց զանուն քո հաստատեն: Եւ քան զսոսա զերկոսին լաւ համարեալ է կին անարատ», անարատ կինը աւելի յարգի է քան Կոնստանդնուպոլիսը, Աղեքսանդրիան եւ Տիգրանակերտը:
ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ԱՐԱՏՆԵՐԸ
Ոսկեդարուն «արատ» բառը հոգեւոր ծալքերով հաստատուեցաւ հայոց մայրենիին մէջ: Վանքերու մէջ, մագաղաթներու վրայ հոսած առատ թանաքով հայ մատենագիրները արձանագրեցին բազմաթիւ արտայայտութիւններ. «Որդիք արատոյ», «Արատ խեղութեան», «Արատ կաղութեան», «Արատաւ պղծեցին զմիտս»: Նոյն օրերուն, գոյութիւն ունէր «արատել» (վնասել, պղծել) բայը: Այնուհետեւ, յղացանք այլ բառեր. 7րդ դարուն՝ «անարատուհի», 8րդ դարուն՝ «արատաւոր», 12րդ դարուն՝ «արատաւորութիւն»: Ահա քանի մը օրինակ. «Առ սեղանն մի՛ մատիցէ, զի արատաւոր է», «Այս է առաւելութիւն արատաւորութեան իւրեանց», «Զհայեցուածս արատեցի», «Մի՛ արատեսցի պաշտօնն»: Իսկ «անարատուհի» ածակա՞նը: Մի զարմանաք, շատ ընտիր բառ է անիկա, եթէ ըսեմ, թէ անիկա լոկ մէկ անգամ գործածուեցաւ հայկական մատենագրութեան մէջ: Հեղինա՞կը. 7րդ դարու հայ ճգնաւոր, մատենագիր, աստուածաբան Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի եղբօրորդի, Արագածոտն գաւառի Ս. Աստուածածին վանքի վանահայր, Հայոց կաթողիկոսներ Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի եւ Սահակ Գ. Ձորոփորեցիի ուսուցիչ՝ Թէոդորոս Քռթենաւորը, որ գովաբանեց Կոյս Մարիամը. «Ամենասուրբ Աստուածածին Կոյս անարատուհի»: 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին խոստովանեցաւ, թէ՝ մարմինն էր մեղաւոր՝ իր հոգին արատեցաւ. »Զանարատ հոգիս մարմնոյս փափկութեամբ յաւէտ վտտեցի«: Իսկ սուրբին համար ո՞վ էր արժանի »անարատ« ածականին. Տիրամա՛յրը. «Գերահրաշ եւ անարատ»: Ներսէս Շնորհալիին համար, սրբուհի Հռիփսիմէն էր մէկ այլ անարատը. »Հարսն անմահ փեսային կոյս անարատ, ո՜վ սուրբ Հռիփսիմէ«: Իսկ սրբուհի Մարիամի համար, Շնորհալին գրեց ընտիր փառաբանութիւններ. «Անարատ տաճար եւ առագաստ լուսոյ»: 1281 թուականին, Վանայ ծովու ափին, Արճիշ գաւառի Ասպիսընկա վանքին մէջ գրի առնուած Աւետարանին մէջ, «անարժան» եւ «անարհեստ» գրիչ մը աղաչեց. «Տէ՜ր, պահեսցէ անարատ իմ կամս»: Քուչակ Վանեցին «Գովասանութիւն Սուրբ Յովհաննիսի ասացեալ է, ընտիր եւ անոյշ եւ գեղեցիկ» բանաստեղծութեան մէջ նկարագրեց. «Բարձեր զՔրիստոս գիրկդ անարատ, առիր ի Յորդանան մտար»:

ԱՆԱՐԱՏ ԽՐԱՏՆԵՐ
1500ներուն «արատ» բառը աշխարհիկ, խրատական, սիրային երգերու մէջ սկսաւ յայտնուելու: Արիստակէս Խարբերդցի տաղասացը խրատ մը տուաւ մեզի. «Արատ աչօք մի’ ակնարկէք, / Զարտուղի մեղաց դուք կացէք, / Սուրբ սրտիւ զԱստուած օրհնեցէք, / ԶՔրիստոս օգնական խնդրեցէք»: Սուքիասը, որ »մեղքերու տիղմի մէջ թաւալած« մարդ էր, մեղմիկ խոստովանեցաւ. «Անվայելուչ արատ աչօք ես հայեցայ. / Մեղա՜յ, մեղա՜յ, բիւրապատիկ գլորեցայ»: Մէկ այլ տաղասաց՝ Պետրոս անուն, աղօթեց. «Եւ զհրամանն Տեառն անարատ պահեմ, / Մարիամ Տիրամայր, լեր ինձ օգնական»: Յարգելի ընթերցող, ըստ Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակած մէկ յօդուածին, միջնադարու հայ առակագիրներուն նպատակն էր «սուր քննադատութեան ենթարկել կեանքի արատաւոր կողմերն ու երեւոյթները»: Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի եարն էր անարատ. «Աչքերդ է զերդ ծով ովկիանու նման, / Կանթեղ է ի վառ ի քո ծաղկաստան, / Երեսդ արեգակ, լուսին ի լրման, / Պայծառ եւ անարատ. ե՛կ ի մեր պաղչան»: Դար մը ետք, Սայաթ Նովան փառաբանեց իր եարը. «Խօսքիրըդ մալում իմ արի՝ անարատ, մաքուր իս«: Յովհաննէս Կաֆացի տաղասացը «Վասն ուրախութեան մարդկան» տաղին մէջ ըսաւ, թէ ո՛վ անշնորհք նայուածք տայ իր «գեղեցիկ, հրեշտակատիպ, լուսատեսիլ, չքնաղագեղ, զարմանալի, պայծառ պատկեր» սիրածին՝ խաւարի անոր աչքը. «Թող աչքն այն խաւարասցի, որ առ քեզ արատ հայ»:
ՊԱՅԾԱՌ ՈՒ ԱՆԱՐԱՏ ՋՈՒՐԵՐ
Գեղապաշտ գրագէտներու գրիչով ինչե՜ր չկոչուեցան »արատաւոր« կամ »անարատ«: Ահա 20րդ դարու մեղաւորները եւ մաքրամաքուրները. »Միշտ բարձր դասի պատիւն անարատ, / Եւ ով զրկուած է այդ անգին գանձից, / Նա՛ է կեանքի մէջ ամէնից աղքատ«՝ Ալեքսանդր Ծատուրեան, »Առի զքեզ իր ձեռքէն, / Որ շուշա՜ն մ՛է անարատ«՝ Դանիէլ Վարուժան, »Մա՜հը, գերագոյն ազատարարս ու գերագոյն թշնամիս, որովհետեւ դողդոջ եւ արատաւոր հոգիս պիտի առաջնորդէ Վերին դատաստանին«՝ Տիգրան Չէօքիւրեան, »Եւ քո անարատ զգայուն հոգին լինի ինձ աղբիւր վառ երջանկութեան«՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան: Գեղամ Բարսեղեանի »Շանթ« պատկերազարթ շաբաթաթերթի 19 Ապրիլ 1919ի թիւին մէջ, »սփիւռքահայ գրականութեան մեծ տիկին« Զարուհի Գալեմքեարեանը ստորագրեց »Աւագ շաբթուան ներշնչումներ-Իմ վերապրած քոյրերուս« յօդուածը, ուր բացատրեց, թէ ո՛չ հեռաւոր անցեալին՝ հայը ազգութեամբ նմանեցաւ Խաչեալին. »Փուշէ պսակ դրին քու գլխիդ եւ արիւն կաթեցաւ ճակտէդ. Եաթաղանէ անկողին փռեցին իմ ցեղիս եւ արիւնը կոհակ-կոհակ հոսեցաւ անոր մարմինէն. Խաչդ արատաւորուեցաւ արիւնէն«: Բայց, Գեղամ Բարսեղեանը իր ջինջ գրիչով վերականգնեց հայու սրբութիւնները. »Տաղ առ Աղթամար: Ըսէ՜, ըսէ՜, ով անգին ու վիրաւոր Աղթամար: Երգէ քու ծիրանի հեռաւոր փառքդ: Ահա պայծառ ու անարատ ջուրերդ… Ու դո՛ւն, որ ազնուական տրտմութիւնդ կ’արձանացնես, Աղթամա՛ր, երգէ պահ մը քու բիւրեղացած փառքդ«:
ԱՆԱՐԱՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Օր մը, ճշգրտօրէն 5 Յունիս 1847ին, Պոլսոյ մէջ »անարատ« ածականը միացաւ «յղութիւն» գոյականին ու ծնունդ առաւ »Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը«, որուն գլխաւոր նպատակն էր դաստիարակել հայ ազգը, մասնաւորապէս աղքատ դասակարգի աղջիկ զաւակները: 1868ին, մէկ այլ բախտաւոր ծնունդ ցնծացուց Պոլիսը, երբ գործելու սկսաւ Անարատ Յղութիւն վարժարանը, Պոլսոյ ամենահին աղջկանց վարժարաններէն մէկը, Սամաթիա ծովեզերեայ հնագոյն հայաբնակ թաղամասին մէջ: «Անարատը» այսօր Հայաստանի՞ մէջ: Երանելի՜ երեւոյթ է. ամէն գիւղ, ամէն համայնք այսօր հպարտութեամբ շուկայ կը հանէ իր «անարատ» կաթը, սերը, մեղրը եւ կարագը:
ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐԱՏԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐ
Հայկական մամուլը կը շարունակէ խօսիլ մեր ազգային արատներուն մասին: Բազմաթիւ խորագիրներ՝ նոր ու հին, կը վկայեն անոր մասին. «Հայրենի պետութեան գաղափարը արատաւորուեցաւ», «Արատաւորուեցաւ նաեւ Հայաստանի անունը», «Սուրէն Պապիկեանը սպաներին յանձնարարել է անհանդուրժող լինել զօրքերում յայտնաբերուող արատաւոր երեւոյթների նկատմամբ», «Զիջենք, որ վերջանայ, փրկուե՛նք» արատաւոր մտայնութիւնն ու մեր անելիքը», «Արատաւոր ենք մենք. Սօս Սարգսեան»: Իսկ 50 տարի առաջ, եկեղեցական գործիչ, պատմաբան, բանասէր, խմբագիր, Երուսաղէմի միաբան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեան, ի՛նչ դժուար էր լսել՝ ըսաւ, թէ 1441ին «Էջմիածնի աթոռն ալ արատաւորուեցաւ:
ՍԻՒՆԵԱՑ ՀՈՂԸ ԱՆԱՐԱՏ Է
Հայկական աշուղական արուեստին մէջ »անարատ« բառը բոյն դրաւ Աշուղ Ճիւանիի «Ով սիրուն, սիրուն» երգին մէջ: Դժուար չէ գուշակել, թէ ո՛վ էր աշուղի հպարտ անարատը. «Հոգիդ անարատ, տեսքդ գերազանց, / Մէկ հատ օրինակ, ո՜վ սիրուն, սիրուն: / Վարք ու բարքով, սրտով անարատ«: Հապա՝ Սիւնեաց սարերը… Անոնք քի՞չ անարատ են: Լսենք Քաջարան համայնքի ղեկավարին խօսքերը. «Սիւնեաց անարատ հողում չարի սերմը բուն չի դնի«: Իսկ, ո՞վ էր այդ մաքուր միտքերու հեղինակը… Այսօր, յարգելի՛ ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ պիտի տամ Գուսան Աշոտի »Սիւնեաց Սարեր« երգով: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպունը՝ վայելեցէք անարատ սէրը, ինչպէս նաեւ մեղրը եւ կարագը:
Սիւնեաց հողը անարատ է,
Չարի սերմը բուն չի դնի, անարմատ է.
Մարդն արծիւ է, լեռնածին է, հրահատ է,
Հազար հողմեր ձեզ չեն մաշել,
Սիւնեաց սարեր,
Ինձ մօր նման ձեր գիրկն առէք,
Սիւնեաց սարեր: