Պաշտպանութեան բանակը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումը, թէ «պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 11 Մայիսի լոյս 12ի գիշերը կրակ բացին Արցախի Մարտակերտի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Քաշաթաղի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ»:
Ստեփանակերտը հերթական ապատեղակատուութիւն որակեց այս լուրը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնած էր, որ «Մայիսի 11ի լոյս 12ի գիշերը եւ այս պահուան դրութեամբ՝ Բասարկեչարի շրջանի Զօդ (Գեղարքունիքի մարզի Սոթք) բնակավայրի ուղղութեամբ կը նկատուի յարաբերական անդորր»:
Միաժամանակ, Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած էր, որ վերջին մէկ օրուան ընթացքին հայկական զինուժը ականանետերով եւ հրետանային զինատեսակներով 17 անգամ ռմբակոծեց Ատրպէյճանի բանակի դիրքերը` «Քելբաջարի, Լաչինի եւ Թովուզի շրջաններու քանի մը բնակավայրերու ուղղութիւններով»: