Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել իր ունեցած վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ 11 Մայիսին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան սրման։
Ըստ անոր՝ տեղի ունեցած փոխհրաձգութիւնը կը վտանգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յառաջընթացը դէպի կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն։
«Մենք երկու երկիրներու ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ երբ անոնք 14 Մայիսին Պրիւքսելի մէջ հանդիպին, համաձայնին իրենց ուժերը սահմանի երկայնքէն ետ քաշել, ինչպէս քննարկուած է արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի կողմէ՝ հոն՝ Ուաշինկթընի մէջ, Մայիսի սկիզբը մեր հիւրընկալած բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութեան ընթացքին», ըսաւ Փաթել։
Ան նաեւ հակադարձեց Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան հանդիպումի արդիւնքին վերաբերեալ լաւատեսական գնահատականին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի դրսեւորած թերահաւատութեան։
Զախարովա թերահաւատութիւն ցուցաբերած էր Հայաստան-Ատրպէյճան Ուաշինկթընի բանակցութիւններու արդիւնքներուն՝ Պլինքընի տուած լաւատեսական գնահատականին նկատմամբ, որովհետեւ անոնք «կը հակասեն Երեւանի եւ Պաքուի յայտարարութիւններուն»։
«Շատ ժամանակ չեմ վատներ մտածելու, թէ ռուս գործընկերս ինչ կ՛ըսէ։ Սակայն ես կրնամ ըսել, թէ որովհետեւ անիկա կը վերաբերի շատ կարեւոր հարցի մը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան, կը հաստատեմ, որ մենք պիտի շարունակենք եռանդուն կերպով զբաղիլ այս հարցով։ Մենք կը հաւատանք, որ կայ յառաջ ընթանալու ուղի։ Մենք կը կարծենք, որ այդ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ էին եւ երկխօսութեան շարունակութեան հիմք դրին», ընդգծեց Փաթել։
ԵՐԵՒԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան արձագանգեց Փաթելի յայտարարութեան, որուն մէջ ան Սոթքի մէջ Ատրպէյճանի յարձակումը բնութագրեց իբրեւ փոխհրաձգութիւն՝ շեշտելով, որ տեղի ունեցած բախումները փոխհրաձգութիւն չէին, այլ Ատրպէյճանի կողմէ հերթական յարձակում Հայաստանի դէմ:
«Նախ, դա փոխհրաձգութիւն չէր, այլ ադրբեջանական բանակի կողմից հերթական չհրահրուած յարձակումը, որը յայտնի է ԻՊի ոճով մարտական վարքագծով: Հայկական բանակը ձեռնարկել է անհրաժեշտ քայլերը` պաշտպանելու մեր ինքնիշխան տարածքը: Երկրորդ` մեր պահանջն է, որ Ադրբեջանը դուրս բերի իր օկուպացիոն (գրաւող) ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից եւ վերադառնայ միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններին, այսինքն` այն վարչական սահմաններին, որոնք գոյութիւն ունէին երկու երկրների միջեւ ԽՍՀՄից անկախանալու ժամանակ: Երրորդ` 2022 թուականին Պրահայում եւ Սոչիում Ադրբեջանը պարտաւորուել է զերծ մնալ ուժի կիրառումից կամ ուժի կիրառման սպառնալիքից», կը յայտնէ Մարուքեան: