ՆԻՒ ՏԷԼՀԻ, «Ռոյթըրզ».- Հնդկաստան անպատասխան չձգեց Փաքիստանի կողմէ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հրթիռի մը փորձը: Արդարեւ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը Կիրակի, Նոյեմբեր 19ին յայտարարեց, որ իր ուժերը յաջողութեամբ կատարած են փորձարկումը միջակ հասողութեամբ հրթիռի մը, որ հիւլէական գլուխ կրելու ատակ ցամաքէ ցամաք հրթիռ մըն է:
Հրթիռարձակումը կատարուած է Օրիսա նահանգի մէջ, ուրկէ հրթիռը արձակուած է եւ յաջողութեամբ հարուածած է Պէնկալի ծոցին մէջ գտնուող թիրախ մը:
Փաքիստան անցեալ Հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ կատարած է յաջող փորձարկումը հրթիռի մը, որ նոյնպէս հիւլէական գլուխ կրելու ատակ եւ միջակ հասողութեամբ ցամաքէ ցամաք զէնք է: