ՍԱՕ ՓԱՈՒԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 36րդ հանգրուանի մրցումներուն՝ պարագլուխի դիրքը գրաւող «Սաօ Փաուլօ» իր դաշտին մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք «Աթլեթիքօ Փարանաէնսէ»ի հետ, հանդիսացաւ ախոյեան։
Իր արձանագրած այս հաւասարութեամբ խումբը ապահովեց 74 կէտ եւ ութը կէտով կը գերազանցէ իր անմիջական մրցակից «Ինթէրնասիոնալ»ը, որ տիտղոսին տիրանալու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց, երբ պարտութիւն մը կրեց։ Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն։ «Սաօ Փաուլօ» չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան:
Նկարին մէջ, Պրազիլի ախոյեան խումբին մարզիկները, ախոյեանութեան բաժակով: