25 Դեկտեմբերին, Ս. Գայեանէ վանքին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին՝ կատարուեցաւ խաղաղութեան եւ զօրակցութեան աղօթք՝ յանուն Արցախի:
Արարողութեան ներկայ էր Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն անդամները եկեղեցական արարողութենէն ետք հանդիպում ունեցան կաթողիկոսին հետ:
Անոնք հայրապետին մանրամասնութիւններ ներկայացուցին Արցախի մէջ, յատկապէս Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակին մասին, որուն իբրեւ արդիւնք արցախցիները կանգնած են կենսական իրաւունքներու ոտնահարման եւ մարդկային աղէտի դէմ յանդիման:
Դատապարտելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող սադրանքը՝ զրուցակիցները քննարկեցին իրավիճակի յաղթահարման քայլերը: Կարեւոր նկատուեցաւ համազգային ներուժի եւ ջանքերու մէկտեղումը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել հնարաւոր աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը ապահովելու Արցախին եւ արցախահայութեան: Ան տեղեկացուց, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս կիրակնօրեայ Սուրբ պատարագներու, կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք՝ յանուն Արցախի: