
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Պիշքեկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս յայտնեց, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, իսկ գլխաւոր հարցը Արցախն է՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ կ՛ուզէ քննարկել տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակը: Խօսելով վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար Լաչինի միջանցքը փակելու ատրպէյճանական փորձերուն մասին` Փաշինեան ընդգծեց, որ դէպքերը կ՛արձանագրուին ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
«Վստահ եմ` դուք տեղեկացուած էք, որ վերջերս փակուել էր Լաչինի միջանցքը, եւ Լեռնային Ղարաբաղում շատ մեծ մտավախութիւններ կան այդ կապակցութեամբ: Իհարկէ, մենք մշտապէս քննարկում ենք այդ հարցերը: Յոյսով եմ, որ այսօր մեզ կը յաջողուի քննարկել տարածաշրջանային անվտանգութեան բոլոր կարեւոր հարցերը», ըսաւ Փաշինեան։
Փութին խօսեցաւ ընդհանրապէս տնտեսական բնագաւառին մասին՝ նշելով, որ պէտք է մատնանշել, թէ Ռուսիան որքա՛ն կարեւոր է Հայաստանի համար տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ յիշեցուց Նոյեմբերի աւարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿի գագաթնաժողովը՝ աւելցնելով. «Յոյս ունիմ, թէ համաձայն կ՛ըլլաք, որ մենք յաջողութեամբ գումարեցինք այդ գագաթնաժողովը: Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել այն, որ Ռուսիա կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առաջատար առեւտրական-տնտեսական գործընկերը. Հայաստանի ապրանքաշրջանառութեան առաւել քան 30 տոկոսը բաժին կ՛իյնայ Ռուսիոյ, առաջատար ներդրողներէն մէկը, թերեւս նոյնիսկ հիմնական ներդրողը` ներդրումներու մօտ 40 տոկոսով: Այս տարուան առաջին տասը ամիսներուն ապրանքաշրջանառութեան աճը կը կազմէ 67 տոկոս: Ասիկա շատ լուրջ, լաւ, դրական ցուցանիշ է»: