Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 8 Դեկտեմբերին այցելեց Լիոն քաղաքը, ուր հանդիպում ունեցաւ Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանային խորհուրդի փոխնախագահներ Նիքոլա Տարաքոնի եւ Թերի Քովաքսի ու շրջանային խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ:
«Թերթ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Յարութիւնեան նշեց, որ Ֆրանսայի զանազան վարչական շրջաններու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններէն մէկը, եւ ընդգծեց Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանին հետ աւանդական դարձած կապերու հետագայ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը, որուն մէջ կը յայտնուի, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի միայն խաղաղ ուղիով, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային համաձայնագիրները յարգելու պայմանով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղուեցաւ Ֆրանսային, Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային հանրութեան՝ համախմբուած մնալու՝ պաշտպանելու համար Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները ւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ, հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան, Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները եւ ռմբակոծումները կը շարունակուին, ինչ որ կը փաստէ, որ Ատրպէյճան չի պատրաստուիր յարգել յայտարարութեան դրոյթները եւ ոչ ալ անոր յաջորդած բանակցութիւններուն ընթացքին իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Արցախէն ետք յարձակման ենթարկելով Հայաստանը, ռմբակոծելով եւ մասնաւորապէս թիրախ դարձնելով բնակչութիւնը եւ ենթակառուցուածքները` Ատրպէյճան կ՛ուզէ բռնութեամբ արտատարածքային ճանապարհ (միջանցք) ստեղծել իր տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ` կտրել-անցնելով Արցախի տարածքը եւ Սիւնիքի մարզը», կը շեշտուի հռչակագիրին մէջ:
Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ, անհանդուրժելի համարեց յարձակումները սահմաններու երկայնքով եւ բնակչութեան ռմբակոծումները, որոնց միջոցով Ատրպէյճանի նպատակ ունի ստիպել Հայաստանը՝ զիջումներ կատարելու Արցախի հարցին մէջ եւ ընդունելու Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական ինքնիշխանութիւնը:
Այցելութեան ընթացքին Յարութիւնեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի հետ:
Քննարկուեցան Լիոն քաղաքին հետ կապերու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Լիոնի քաղաքապետը հաստատեց, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին։