Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ փոխնախարար Աւագ Աւանեսեան 7-9 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեցին Իրանի Հանրապետութիւն։
Անոնք հանդիպումներ ունեցան Իրանի փոխնախագահ Մասուտ Միրքազեմի, ելեւմուտքի եւ տնտեսական հարցերու նախարար Էհսան Խանտուզիի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ:
Խաչատրեանի եւ Խանտուզիի` 8 Նոյեմբերի հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատեցին դրացի երկիրներուն միջեւ տնտեսական շարք մը առաջնահերթութիւններ, մասնաւորաբար` տարեկան 3 միլիառ տոլարի առեւտուրի իրականացումը, ապրանքներու փոխանակման ծաւալը 5 միլիոն թոնի հասցնելը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական, դրամատնային, առեւտրական եւ մաքսային յարաբերութիւններու պարզեցումը եւ զարգացումը:
Խաչատրեան ուրախութեամբ նշեց, որ Իրան տուած իր առաջին այցելութեան ընթացքին ծաւալած են արդիւնաւէտ եւ կառուցողական քննարկումներ: Իր խօսքին մէջ ան կարեւոր նկատեց Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ ամրապնդումը: «Իրանի եւ Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւնները տասնամեակների պատմութիւն ունեն: Ընթացող բոլոր բանակցութիւնների հիմքը երկու երկրների միջեւ այս երկարատեւ համագործակցութիւնն է, եւ Հայաստանի եւ Իրանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների մակարդակը երեք միլիարդ դոլարի հասցնելու նպատակադրումը վկայում է այս գլխաւոր հիմքերի մասին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական փոխանակումներու ծաւալի արձանագրուած 25 տոկոս աճին՝ Խաչատրեան ընդգծեց, որ այս տարի երկու երկիրներուն միջեւ փոխանակումներու ծաւալի աճը աւելի քան 40 տոկոս է:
Հանդիպումին ընթացքին Խանտուզի դիտել տուաւ, որ Իրանի կառավարութիւնը շատ լուրջ կերպով կը հետեւի դրացի երկիրներուն վարած տնտեսական քաղաքականութեան` շեշտը դնելով Կովկասեան տարածաշրջանին վրայ, յոյսալով, որ իրենց երկիրներուն միջեւ 3 միլիառ տոլարի առեւտուր իրականացնելու նպատակը, որ արծարծուեցաւ Իրանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հանդիպման ժամանակ, իրականութիւն կը դառնայ այս կառավարութեան օրով: