Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով ռուս խաղաղապահներու հասցէին ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ պարբերաբար յայտնուող քննադատութիւններուն՝ ըսաւ, որ Ռուսիա որեւէ քարոզչական արշաւի նկատմամբ վատ վերաբերում ունի՝ ըլլայ այդ քաղաքականութեան մէջ թէ լրատուական դաշտին։ «Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներու դերին եւ անոնց գործունէութեան գնահատականին՝ երեք երկիրներու ղեկավարները (նկատի ունի Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա) Սոչիի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին շեշտեցին ռուսական զօրախումբի նշանակալի ներդրումը ապահովութեան պահպանման հարցին մէջ եւ ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու ջանքերու անհրաժեշտութիւնը: Որեւէ դրական, կառուցողական եւ ստեղծագործ նախաձեռնութիւն միշտ բացասական ալիք կը յառաջացնէ: Անիկա, դժբախտաբար, աշխարհի կանոնն է», յայտնեց Զախարովա:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ աջակցութիւնը` յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Զախարովա անդրադարձաւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան երկրորդ տարուան ամբողջացման՝ ըսելով, որ անորմով կարելի եղաւ վերջ դնել արիւնահեղութեան եւ սկսիլ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման գործընթացին:
Ան դիտել տուաւ, որ երեք երկիրներու փոխվարչապետերու համանախագահութեամբ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ, մեծ աշխատանք կատարուած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
«Երկիրներու ղեկավարներու` 26 Նոյեմբեր 2021ի որոշումին հիման վրայ, իր աշխատանքին սկսաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ հետագայ սահմանագծման երկկողմ յանձնաժողովը` Ռուսիոյ խորհրդատուութեան աջակցութեամբ: Տուեալ գործիքակազմի աշխատանքը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանին իրադրութեան կայունացման համար», ըսաւ Զախարովա, որ աւելցուց, թէ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ սերտօրէն կը համակարգուի խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու բարի նպատակները հարցեր կը յառաջացնեն։ Զախարովա կ՛անդրադառնար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան, ըստ որուն, Ամերիկա՝ իբրեւ երկու երկիրներու բարեկամ, պիտի աջակցի խաղաղութեան հաստատման:
«Չեմ կարծեր, թէ կարիք կայ մեկնաբանելու ամերիկեան կողմի յայտարարութիւնը, զոր անոնք հասցէագրած են երկու անկախ երկիրներուն», լրագրողի մը հարցումին արձագանգելով` ըսաւ Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, երկար տարիներէ ի վեր կ՛աջակցի տագնապի լուծման, ներկայիս ալ նոյնը կ՛ընէ՝ իբրեւ կողմերուն հետ համատեղ ստորագրած յայտարարութիւններու հեղինակ: