Լոյս տեսաւ «Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» խորագիրով գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն, կը հաղորդէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան ուսումնարանին նախաձեռնութեամբ։
Գիրքին մէջ տեղ գտած զեկուցումները նուիրուած են Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի զանազան հարցերու, որոնք կը վերաբերին անցեալին, ներկային, ինչպէս նաեւ կը մատնանշեն գալիք թիրախները։
Գիրքին խմբագիրն է արձակագիր Դաւիթ Սարգսեան։
Հատորը լոյս կը տեսնէ Հայ Կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ։