ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին բարձրացուց Հայաստանի հանդէպ պարտաւորութիւնները չկատարելու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը։
«Այս տարի երկու անգամ այցելեցի Հայաստան եւ ականատես եղայ Ատրպէյճանի կողմէ հայերուն պատճառուած ցաւին՝ անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ, ներառեալ 2020ի հրադադարի համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր գերիները ազատ արձակելու վերաբերեալ պարտաւորութիւններու չկատարելուն: Թէեւ Հայաստանըազատ արձակած էր ատրպէյճանցի բոլոր գերիները, Ատրպէյճան վերջերս հաստատեց, թէ առնուազն 33 հայ գերիներ, որոնց մէջ երեք քաղաքացիներ կը պահէ, իսկ քանի մը հարիւր հայեր տակաւին անյայտ կորսուած են, մինչ Ատրպէյճան կը հրաժարի արտօնել Հայաստանին, որ զոհուածներուն դիերը հանէ գրաւուած տարածքներէն: Վերջերս հրապարակուած էր տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ցուցադրուի հայ գերիներուն հանդէպ դաժան վերաբերմունքը, խոշտանգումները եւ սպանութիւնները: Ի՞նչ նշանակալից նախաձեռնութիւններ եղած են կամ կը ձեռնարկուին Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար», ըսաւ Քոքս: