Վերջերս, տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեանները Հայաստան այցելած էին Հայ Կրթական հիմնարկութեան գործունէութեան ծիրին մէջ իրենց տարած աշխատանքին արդիւնքը տեսնելու համար (անոնք ամէն տարի երեսուն աշակերտներու կրթաթոշակը կը տրամադրեն): Իրենց ընկերացած էին նաեւ՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան վաստակաւոր անդամներ Վահէ եւ Ալիս Պետրոսեանները:
Ամոլը ունեցաւ երկու հանդիպումներ երկու տարբեր ուսանողական խումբերու հետ:
Առաջին խումբին մաս կը կազմեն համալսարանական երեսուն ուսանողներ՝ տասնվեց աղջիկներ ու տասնչորս տղաներ, որոնք, հակառակ կեանքի դժուար պայմաններուն, կրցած են կեդրոնացած մնալ իրենց դասերուն վրայ, շնորհիւ Հայ Կրթական հիմնարկութեան նիւթական նեցուկին: Այդ տասնչորս երիտասարդներէն վեցը մասնակցած է 44օրեայ դաժան պատերազմին:
Խումբի բոլոր ուսանողները երախտապարտ են Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ բարերարներուն: «Շնորհակալ ենք Հայ Կրթական հիմնարկութեան եւ մեր ուսումը հովանաւորողներուն՝ կեանքի այս ծանր ու դժուար պայմաններուն մէջ մեզի զօրավիգ ըլլալնուն համար», ըսին անոնք:

Քուճաքեան ամոլը հանդիպեցաւ նաեւ պատերազմին մասնակցած եւ վիրաւորուած քսանհինգ զինուորներու խումբի մը, ինչպէս նաեւ վիրաւոր հայ զինուորներու հիմնարկի (AWHF) պատասխանատու Ռազմիկ Արզումանեանի հետ:
Ըստ Քուճաքեաններուն՝ վեթերան հայ զինուորները գիտակից են եւ հասուն: Անոնք ծանօթ են կեանքի իրականութեան, սակայն, ինքնավստահ են, հայրենասէր եւ պատրաստ՝ անգամ մը եւս կռուելու եւ պէտք եղած պարագային՝ մեռնելու Հայաստանի համար: Այս օրերուն, անոնք կեդրոնացած են իրենց ուսումը ամբողջացնելու եւ աւարտելու ջանքերուն վրայ՝ յուսալով, որ ապագային պիտի կարենան յաջող ասպարէզ մը ունենալ։ «Շատեր հայրենիքը կը սիրեն խօսքով, իսկ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հայրենիքի հանդէպ սէրը կը փաստէ գործով, 44 օր տեւած պատերազմին մասնակցած զինուորներուն կրթաթոշակ տրամադրելով», ըսաւ վերոյիշեալ զինուորներէն մէկը:
Տէր եւ տիկին Քուճաքեանները խորապէս տպաւորուած են երկու խումբերուն բարձր մակարդակով, կատարելագործման ձգտումով եւ ինքավստահութեամբ: Անոնք համոզուած են, որ կրթաթոշակ ստացած բոլո՛ր ուսանողները պիտի յաջողին եւ այդ ձեւով ալ օգտակար ըլլան իրենց հայրենիքին:
«Ձեր յաջողութիւնը մեր հոգեկան հատուցումն է», ըսաւ Վահիկ Պետրոսեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթաթոշակի յանձնախումբին կողմէ խօսքը ուղղելով ուսանողներուն: Ան աւելցուց, որ աշակերտներուն յաջողութիւնը կ՛իմաստաւորէ հիմնարկութեան գոյութիւնը:
(Թղթակցութիւնը՝ հիմնարկութենէն)