Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջիկներու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան վերջին օրերուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամները, շարունակելով իրենց փայլուն արդիւնքներու շարքը՝ տիրացան յաւելեալ մետալներու:
Տղոց 20 տարեկանէն վար 109 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ Եաշա Մինասեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 361 քլկ. (163+198) արդիւնք մը:
Փոխախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Ժուլիեթա Աւանեսեան, որ աղջիկներու 20 տարեկանէն վար դասակարգի գերծանր կշիռքի երկամարտի մրցումին արձանագրեց 206 քլկ. (95+111) արդիւնք մը:
Աղջիկներու 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Լուիզա Սահրադեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 175 քլկ. արդիւնք մը (85+90)՝ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
