Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի` Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ կատարած ռազմափորձերը «վճռական պատասխան» են Իսրայէլին, «Իրնա» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Իրանի խորհրդարանի անդամ Մոհամետ Սաֆայի, ըստ, որուն Յեղափոխական պահակագունդի ռազմափորձերը պատասխան էին Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ կարգ մը «դաւադրութիւններու» ծրագիրներուն:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան` երեսփոխանը ըսաւ. «Սիոնականները կը ձգտին վտանգել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Իսլամական Հանրապետութեան ազդեցութիւնը: Սակայն անոնք երբեք պիտի չյաջողին»:
Յիշեցնենք, որ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերը քանի մը ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ անցեալ շաբաթ լայնածաւալ ռազմափորձեր կատարեցին Իրանի հիւսիս-արեւմտեան սահմաններուն վրայ: