«Պանծացնել անցեալ հարիւրամեակը եւ լաւատես տեսլականով թեւակոխել յաջորդ հարիւրամեակը».
ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
Հայոց աւելի քան չորս հազարամեայ պանծալի պատմութիւնը, յատկանշուած է սխրալի խոյանք-յաղթանակներով եւ նոյնքան ալ բեկումներով եւ նահանջ-պարտութիւններով: Սակայն, նուաճումներէ, մարդկային եւ հողային կորուստ-պարտութիւններէն ետք, զարմանալիօրէն եւ հրաշքի համազօր, հայութիւնը միշտ վերագտած է ապրելու եւ գոյատեւելու իր ներքին ուժականութիւնը, դարձեալ վերամիաւորուելու եւ վերականգնելու համազգային վճռակամութիւնը:
Հայրենիքի, բայց մանաւանդ Սփիւռքի հայկական համայնքներու կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ եզակի դերը, յատկապէս առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներէն ետք, ուշագրաւ է եւ դրուատանքի արժանի է ու անոր շնորհիւ, Սփիւռքի տարածքին հայ բեկորներուն ընձեռնուած է հայապահպանման եւ հոգեմտաւոր բազում ծառայութիւններ:
Քսաներորդ դարու սկիզբը սակաւաթիւ էր պանդխտացած հայերու թիւը Լոս Անճելըսի մէջ: Այդ թուականներուն եկեղեցական-ազգային համայնքի մը կորիզը հիմնուեցաւ 50-100 հոգիով:
Հայրենիքի կարօտով ապրող հայ պանդուխտները, արդարեւ հաւաքուելով Կիրակի եւ տօնական օրերուն քոյր եկեղեցւոյ եւ կամ մատուռի մը մէջ, իրենց աղօթքներով ամուր կը պահէին պապենական իրենց սուրբ հաւատքը:
1916ի անդամական ընդհանուր ժողովի որոշումով, հովուական պաշտօնի կը կոչուի Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագ եւ ուսուցիչ Միհրան Մելիքեան:
Մարտ 16, 1917ին, Միհրան Մելիքեան սարկաւագը, ձեռամբ Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանի (այժմ հոգելոյս), քահանայ կը ձեռնադրուի վերակոչուելով Ատոմ քհնյ. Մելիքեան (այժմ հոգելոյս) եւ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ:
1921ի Յունուարին, անդամական ընդհանուր ժողովը սեպհական եկեղեցի ունենալու որոշումը կ՛առնէ ու այդ նպատակաւ կը ձեռնարկէ հանգանակային արշաւի, որմէ կը գոյանայ 5000 տոլար: Ապա Ատոմ քահանան կը շրջի Ամերիկայի գաղութները եւ դժուարին պայմաններու մէջ կը յաջողի հանգանակել 21,179 տոլար, որուն 10,305 տոլարը հանգանակուած էր Լոս Անճելըս բնակող հայոց կողմէ:
Մարտ 26, 1922ին, ձեռամբ Վարդան Ծ. վրդ. Գասպարեանի (այժմ հոգելոյս), կը կատարուի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ շինութիւնը կ՛աւարտի 1923ին, եւ ձեռամբ Տիրայր Ծ. վրդ. Մարգարեանի (այժմ հոգելոյս), կը կատարուի օծման արարողութիւնը եւ եկեղեցին կ՛անուանուի «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Խաչ Եկեղեցի»:
Այս խանդավառ միջոցին կը կազմուի «Թորգոմեան» երգչախումբը, իսկ Տիկնանց միութիւնը իր ժրաջան գործունէութեամբ նեցուկ կը դառնայ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն: Երկար տարիներ Սուրբ Խաչ եկեղեցին իր կրօնական եւ ազգային առաքելութեամբ հանդիսացած է այս գաղութին մայր եկեղեցին:
959ին, եկեղեցւոյ անդամական Ընդհանուր ժողովին փափաքով եւ միահամուռ որոշումով, Սուրբ Խաչ եկեղեցին մտաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ:
1961 Յունուարին, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւի պաշտօնին հրաւիրուեցաւ Սմբատ վրդ. Լափաճեան (այժմ հոգելոյս), որ աւելի քան 13 տարիներ մեծ նուիրումով ծառայեց եկեղեցւոյս եւ հայ համայնքին ապա ընտրուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդը:
Սուրբ Խաչ եկեղեցին 1965ին հիմնեց նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, որ կը շարունակէ գործել մինչեւ օրս:
Սուրբ Խաչ եկեղեցին շարունակեց իր գոյութիւնն ու առաքելութիւնը կառուցման սկզբնական վայրին մէջ (Մէյփըլ եւ 20րդ փողոցին անկիւնը) մինչեւ 1978 թուականը:
Միջավայրի վատթարացումը, ծխականներու հետզհետէ եկեղեցւոյ մերձակայքէն հեռանալը, եւ նոր եկեղեցիներու հիմնադրութիւնը պատճառ հանդիսացան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տեղափոխութեան:
Եկեղեցւոյս ծխական համայնքի հանգանակութեամբ եւ ջանքերով, հինգ արտավար տարածութեամբ կալուած գնուեցաւ Մոնթեպելլոյի Լինքըլն փողոցին եւ Մոնթեպելլօ պողոտային անկիւնը: Հողին գինն էր 193,000 տոլար, իսկ յաւելեալ ծախսերով հասաւ 235,000 տոլարի, որ ամբողջութեամբ վճարուեցաւ: Նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 1, 1980ին, ձեռամբ առաջնորդ Եփրեմ եպս. Թապագեանի, մասնակցութեամբ Սմբատ արք. Լափաճեանի եւ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանի (այժմ հոգելոյս): Ճարտարապետութիւնը վստահուած էր Աշոտ Դուրեանին:
Իշխանական նուիրատուութիւններով մասնակցեցան Բաղրամեան ընտանիքը, կառուցանելու «Բաղրամեան» սրահը: Իսկ տէր եւ տիկին Ճորճ Թումանճեան (այժմ հանգուցեալ) մասնակցեցան կառուցանելու «Թումանճեան» սրահը: Եկեղեցւոյ կառուցման բարերարութիւնը ստանձնեցին տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Զապէլ Իգնատոսեաններ եւ 16 կնքահայր բարերարներ (մեծաւ հանգուցեալ):
Կիրակի, Սեպտեմբեր 6, 1981ին, նորակառոյց Մայր տաճարին մէջ իր առաջին Ս. պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեան:
Կիրակի, Նոյեմբեր 11, 1984ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը (այժմ լուսահոգի), մասնակցութեամբ Սմբատ արք. Լափաճեանի, թեմիս առաջնորդ Եփրեմ եպս. Թապագեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Աշճեանի (այժմ լուսահոգի) եւ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շրիգեանի, Մայր տաճարի օծումը կատարեց:
Յունիս 23, 1996ին, հովուապետական օրհնաբեր առաջին այցելութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճար ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցանեց եւ հայրապետական հոգեշունչ պատգամ փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ապա տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր:
Կիրակի, Հոկտեմբեր 26, 1997ին, փառաշուք կերպով տօնուեցաւ Մայր տաճարիս 75ամեակը: Առաւօտուն Ս. պատարագը մատոյց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ եպս. Մարտիրոսեան: Ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյս ննջեցեալ նախկին հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հոգիներու խաղաղութեան համար: Այս առթիւ, յընթացս Ս. պատարագի, կարդացուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Օրհնութեան Գիրը: Ապա «Բաղրամեան» սրահին մէջ, շարունակուեցաւ տաճարիս 75 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան եւ հաւատացեալներու հոծ ներկայութեամբ:
Մայիս 30, 1998ին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Սմբատ արք. Լափաճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40ամեակի մեծարանքի ճաշկերոյթը: Այդ առթիւ, վեր առնուեցաւ սրբազան հօր եկեղեցւոյս եւ Արեւմտեան մեր թեմին մատուցած երկարամեայ վաստակը:
Շաբաթ, Մայիս 12, 2001ը յիշատակելի օր մը եղաւ Մոնթեպելլոյի եւ շրջակայ հայ համայնքին, երբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետը իր օրհնաբեր այցելութիւնը շնորհեց Սուրբ Խաչ Մայր տաճարիս, ներկայութեամբ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, Սմբատ արք. Լափաճեանի եւ Մուշեղ եպս. Մարտիրոսեանի, հոգեւորականաց դասուն եւ բազմահարիւր հայ հաւատացեալներու: Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքին եւ հոգեւոր պատգամին ընդմէջէն անդրադարձաւ ու վեր առաւ Հայաստանեայց Առաքելական րկեղեցւոյ միասնականութիւնը:
Մայր տաճարիս 80ամեայ պատմութեան մէջ ամենայատկանշական թուականը պէտք է համարել Հոկտեմբեր 19, 2001ը: Այդ օր եկեղեցւոյս մէջ փառաշուք կերպով կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակի տօնակատարութիւնը:
Սոյն հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ սրբազան Մարտիրոսեան, մասնակցութեամբ Սմբատ արք. Լափաճեանի, հոգեւոր հովիւներու՝ Հրանդ քհնյ. Երէցեանի եւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի: Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցաւ եկեղեցւոյս Դպրաց դասը: Կրօնական եւ պատմական դէմքերը ներկայացուցին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ մը եղաւ, որ շրջանիս հայութիւնը վերանորոգուի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ու մեր նախնիքներու քրիստոնէական հաւատքի զօրութեամբ:
Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2001ին, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ եպս. Մարտիրոսեանի, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ ներկայութեամբ ծխականներու, տօնուեցաւ Սմբատ արք. Լափաճեանի ծննդեան 75ամեակը: Պատուոյ սեղանին ետեւ դրուած պաստառին վրայի նշանախօսքը «Archbishop Lapajian we love you» կը ցոլացնէր համայնքիս եւ Սուրբ Խաչ Մայր տաճարիս մեծ ընտանիքին յարգանքը սրբազան հօր հանդէպ:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 1, 2003ին, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան, Հոգաբարձութեան եւ երեսփոխաններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ ներկայութեամբ, փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի 80ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը եւ մոմավառութիւնը:
Այս շրջանին էր որ կառուցուեցաւ Մայր տաճարի մուտքին հարաւային կողմի խաչքարերը, ձեռամբ՝ Սուրէն Լուսիկեանի, նուիրատուութեամբ՝ տէր եւ տիկ. Ցոլակ եւ Ժենիա Ենովքեաններու, նաեւ կառուցումը յուշակոթողին, բարերարութեամբ՝ եկեղեցւոյս բարերարներու եւ կնքահայրերու:
Յուլիս 17, 2010ին, ի Տէր հանգեաւ հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանը: Որպէս Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երկարամեայ հովիւ, հոգեւոր տեսուչ եւ Արեւմտեան թեմին առաջին առաջնորդ, իր յիշատակը երկար ժամանակ անմար պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Հոգելոյս սրբազանի փափաքով իր գերեզմանը կը գտնուի Մայր տաճարի մուտքին հիւսիսային կողմը: Նաեւ հոգելոյս սրբազանի փափաքով, հոգեւոր հովիւներու եւ Հոգաբարձութեան ջանքերով իր նախկին գրասենեակը նորոգուեցաւ եւ վերածուեցաւ թանգարան-գրադարանի, ուր ամփոփուած եւ դասաւորուած են սրբազան հօր թանկարժէք իրերը եւ կրօնական գիրքերու հաւաքածոն:
Կարեւոր է հոս նշել վկայութիւնը լուսահոգի Սմբատ արք. Լափաճեանի, իբրեւ երկար տարիներու Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ եւ առաջին առաջնորդը Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմին, եւ ըլլալով ամէնէն իրազեկ վկան եւ գործօն դերակատարը՝ Ս. Խաչ տաճարի եւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքներու ինքնահաստատման պատմական հոլովոյթին. ան այսպէս կը վկայէ.
«1922ին, հաւանաբար հիմնադիրներու մտքին մէջ, այն ժամանակուան փոքրաթիւ հայ գաղութին համար աղօթքի պարզ տուն մը ունենալն էր. բայց տարբեր պարտականութիւն մը վիճակուեցաւ Սուրբ Խաչին, որ յիսուն տարիներու ընթացքին (1922-1972), հետզհետէ Մայրը դարձաւ գաղութիս մէջ գոյութիւն ունեցող Հայաստանեայց Առաքելական երկու եկեղեցիներու, երեք դպրոցներու, այլեւայլ միութիւններու:
Նոյնիսկ կը համարձակիմ ըսելու, որ քաղաքիս Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւս ծնունդն է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ: Մինչեւ 1950ական թուականները, Սուրբ Խաչ եկեղեցին մասամբ հոգեւորապէս մխիթարեց մեր կաթողիկէ հաւատացեալները եւ մատակարարեց անոնց կարիքները, մինչեւ որ անոնք եւս ունեցան իրենց սեփական հոգեւոր տունն ու հովիւը:
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմը դրին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւը, Հոգաբարձութիւնն ու համայնքը, որմէ ծնունդ առաւ Ֆերահեան Ազգ. վարժարանը: Նոյնը եղաւ պարագան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցիին եւ Ռօզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանին:
Սուրբ Խաչ եկեղեցին 1965ին հիմնեց նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Քանի մը տարիներ, Սուրբ Խաչ եկեղեցին հոգեւորապէս, բարոյապէս, վարչականօրէն եւ մասամբ նիւթապէս մատակարարեց երկու եկեղեցիներուն կարիքները, մինչեւ անոնց ինքնաբաւ դառնալը:
Սուրբ Խաչ եկեղեցիով այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին է, որ կը փառաւորենք, յիշատակն է, որ կ՛օրհնենք մեր նախնիքներուն, որոնք «հողէն զայն քար առ քար հանեցին» եւ հրիտակեցին մեզի որպէս աւանդ, փոխանցելի՝ մեր յաջորդներուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 90 ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
«Մեր եկեղեցին ու Հայ դպրոցը խարիսխ՝ հայու ինքնութեան կերտումին ու պահպանումին». Արամ Ա. կաթողիկոս
Կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւներու, Հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, Հոկտեմբեր 23, 2011ին, յիշատակելի հանդիսութեամբ եւ յատուկ ճաշկերոյթով, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի 30րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, որ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90րդ տարեդարձն էր: Բարեբաստիկ այս առիթին, ներկայ գտնուեցաւ եւ տօնախմբութեանց հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Վեհափառ հայրապետը աղօթք մատուցանեց տաճարին մէջ, որմէ ետք, ծխական համայնքը ի պատիւ կաթողիկոսին կազմակերպած էր ճաշկերոյթի հանդիսութիւն մը, նշելու համար զոյգ յոբելեանները: Ներկայ էին, թեմիս ու ծխական շրջանի ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողքին՝ պետական անձնաւորութիւններ: Իսկ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները, հանդէս եկան գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրով:
Վեհափառ հայրապետը օրհնութեամբ ու գնահատանքով ողջունեց ներկաներն ու Քալիֆորնիոյ հայութիւնը: Ան կանգ առաւ հայութեան կեանքին մէջ եկեղեցւոյ ու դպրոցի կարեւորութեան ու կենսական արժէքին վրայ, շեշտելով, որ անոնք հայութեան համար ինքնութեան կերտումի ու պահպանման աղբիւր են: Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս քաղաքը իր հողին վրայ բարձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, որ մնայուն պատգամ է բոլորիս համար: Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ մեր եկեղեցին ու հայ դպրոցը առանցքային դեր ունին մեր Դատին ու պահանջատիրութեան հետապնդման առաջադրանքին մէջ:
ՏԱՃԱՐԻ ՆԵՐՔՆԱՄԱՍԻ ԵՒ «ԹՈՒՄԱՆՃԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ
Հոգաբարձութեան հետեւողական աշխատանքներու շնորհիւ՝ Եկեղեցւոյ կեդրոնական երկու պատերուն, սրբանկարներու պատրաստութիւնն ու խճանկարի (mosaic) զետեղումը կատարուեցաւ, բարերարութեամբ՝ Ա-ռաքելեան, Իգնատոսեան եւ Մանճիկեան ընտանիքներու: Իսկ Թումանճեան ընտանիքը, սիրայոժար յանձն առին եկեղեցւոյ ներքնամասի ինչպէս նաեւ «Թումանճեան» Երիտասարդական կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները: Յատկապէս Ճորճ Թումանճեան, ոչ միայն տարուած շինարարական աշխատանքներուն վերահսկեց, այլեւ ամբողջ ծախսերը Թումանճեան ընտանիքը հոգաց:
Աշխատանքներու աւարտին՝ վերանորոգուած Երիտասարդական կեդրոնի բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, Փետրուար 12, 2012ին: Իսկ Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2013ին թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ ազգային բարերար Ճորճ Թումանճեանի եւ անոր յանձնեց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որով ի պատասխան առաջնորդ սրբազանի խնդրանքին, ազնիւ բարերարին կը շնորհուէր «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան:
Ճորճ Թումանճեան աւելի քան յիսուն տարիներու վաստակ ունի մեր թեմին ու յատկապէս Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծառայական կեանքին մէջ, եղած է Հոգաբարձութեան նուիրեալ անդամներէն ու եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն մէկը: Ան մաս կազմած է Ս. Խաչ Մայր տաճարի շինարարական յանձնախումբին. հաւատալով, որ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է բոլորուի եկեղեցւոյ շուրջ եւ ունենայ գործօն ներկայութիւն, ան դարձած է բարերարը եկեղեցւոյ կից երիտասարդական կեդրոնի մը կառուցման. սրահը կը կրէ իր անունը՝ «Թումանճեան Երիտասարդական Կեդրոն»:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս, 29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 4 Հոկտեմբեր 2016 հայրապետական այցելութեամբ պատուեց մեր թեմը: Կաթողիկոսին հայրապետական օրհնաբեր այցելութիւնը ընդգրկեց կրօնա-եկեղեցական, ազգային եւ ժողովրդային զանազան հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ: Հովուապետական այցելութեան բնաբան ընտրուած էր՝ «Ծառայութեան Տարուան» նուիրուած վեհափառ հայրապետի պատգամը՝ «Ծառայութիւնը՝ Կեանքի Նպատակ» խօսքը:
Վեհափառ հայրապետի ի պատիւ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն եւ առիթներուն, Ս. Խաչ Մայր տաճարի մեծ ընտանիքը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ կազմակերպչական թէ այլ աշխատքներու:
Հովուապետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած զանազան հանդիսութիւններու եւ ձեռնարկներու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը արժանաւոր եւ ծառայասէր հայորդիներու շքանշաններ շնորհեց, որոնց մէջ էր, Ս. Խաչ Մայր տաճարին երկար տարիներ որպէս հոգաբարձու եւ երեսփոխան ծառայած՝ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանը, որ վեհափառ հայրապետէն ստացաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ»ի շքանշան:
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄ ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՒԳ. ՔՀՆՅ. ՇՐԻԳԵԱՆԻ
Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր, 2017ին վախճանեցաւ բազմավաստակ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանը, որ աւելի քան վաթսուն տարիներ ծառայեց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, Հայ դպրոցին ու հայ ժողովուրդին: Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր, 2017ին, տեղի ունեցաւ հանգուցեալ տէր հօր վերջին օծման եւ թաղման տխուր արարողութիւնները: Դամբանականը արտասանեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Նարեկ քահանայի կեանքի ուղեւորութիւնն ու նուիրեալ աշխատանքով կերտուած վաստակը: Ան իր ծառայանուէր կեանքով եղած է հեղինակաւոր հոգեւորական: Որպէս հոգեւոր քաջ մշակ՝ եղած է եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն: Ծառայած է ծխական վեց համայնքներու, յատկապէս յիշարժան եղած է իր ներդրումը Ս. Խաչ Տաճարի շինարարական եւ ծրագրումի աշխատանքներուն եւ հանգանակութիւններուն: Անոր շրջահայեաց եւ հետեւողական ջանքերուն, ձեռներէցութեան եւ աննկուն կամքին շնորհիւ՝ իրականացած է ծխական համայնքիս սեպհական եկեղեցի ունենալու երազանքը:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ՃՈՐՃ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Շաբաթ, 10 Փետրուար, 2018ի երեկոյեան, Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն, նուիրուած՝ հանրային գործիչ եւ բարերար Ճորճ Մարտիկեանի: Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Հայ տեղահանուածներու համայնքին կողմէ, իսկ երեկոյթին հասոյթը տրամադրուեցաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին:
ՀՈԳԵՒՈՐ-ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ
Կիրակի օրերու Սուրբ պատարագը անգլերէն թարգմանութեամբ կը ցուցադրուի հեռատեսիլի միջոցաւ, որպէսզի այն հաւատացեալները, որոնք հայերէն չեն գիտեր, կարենան հետեւիլ արարողութեան եւ աղօթքներուն:
Մայր տաճարիս հովանիին ներքեւ գործող մարմինները հետեւեալներն են.
– Դպրաց դաս
– Տիկնանց օժանդակ մարմին
– Կիրակնօրեայ վարժարան
– Պատանեաց խումբ
Տիկնանց օժանդակ մարմնին գերագոյն նպատակն է ծառայել Ս. Խաչ Մայր տաճարին՝ սատարելով անոր պայծառացման եւ վերելքին: Տիկնանց օժանդակ մարմինը եկեղեցւոյս հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր պատնէշի վրայ է եւ հոգաբարձական կազմին աջ բազուկը: Այս մարմինը իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կը բերէ եկեղեցւոյ բոլոր կրօնական հանդիսութիւններուն, մանաւանդ Սուրբ Ծննդեան, Սուրբ Յարութեան, Ս. Աստուածածնայ եւ Խաչվերացին:
Մայր տաճարի Կիրակնօրեայ վարժարանը ամէն տարի Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնէն մինչեւ Մայիս, իր դռները բաց կը պահէ շրջանիս փոքրիկներուն եւ պարման-պարմանուհիներուն, անոնց ուսուցանելով քրիստոնէական հաւատք, հիմնուելով Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքին վրայ: Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմը կամաւոր է եւ վարժարանի նախկին աշակերտուհիներէն ոմանք ներկայիս ուսուցչական անձնակազմին մէջ են:
Եկեղեցւոյս Պատանեկան խումբը իր հաւաքոյթները կ՛ունենայ ամսական դրութեամբ, ի մի հաւաքելով 13-18 տարեկան պատանիներ, իրենց մէջ զօրացնելով արիստոնէական հաւատքը, պահելով զիրենք բարոյական եւ ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ: Պատանեկան խումբի հաւաքոյթներու զուգահեռ ամէն տարի Յուլիս ամսուան ընթացքին, շաբաթուան մը տեւողութեամբ տեղի կ՛ունենայ «Լուսաշող Ճամբար»ը, ուր մասնակցող փոքրիկներ եւ պատանիներ կը սորվին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները, եւ մարզական խաղերով ուրախ ժամանակ կ՛անցընեն, առաջնորդութեամբ նուիրեալ կամաւորներու:
Արամ Ա. հայրապետը, կրօնական եւ ազգային ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները նկատի ունենալով եւ համազգային արժէքներ լուսարձակի տակ բերելով, 2003 թուականէն սկսեալ, հայրապետական պատգամով իւրաքանչիւր տարին նուիրեց համազգային մտահոգիչ արժէքի մը, եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, խորհրդածելու եւ լուսարձակի տակ բերելու մեր ընդհանրական կեանքին առնչուող հարցեր եւ առաջնահերթ մտահոգութիւններ: Վեհափառ հայրապետի պատգամները յընթացս Ս. պատարագին, փոխան քարոզի հանդիսաւորապէս կարդացուեցան եւ ապա տարուան ընթացքին թեմական իւրաքանչիւր եկեղեցի պատշաճ հանդիսութիւններ կազմակերպեց:
Այսպէս՝ 2003 տարին՝ հայրապետական պատգամով հռչակուեցաւ «Աստուածաշունչի Տարի», 2004ը՝ «Ընտանիքի Տարի», 2005ը՝ «Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի», 2006ը՝ «Հայ Դպրոցի Տարի», 2007ը՝ «Հայ Լեզուի Տարի», 2008ը՝ «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի», 2009ը՝ «Երիտասարդութեան Տարի», 2010ը՝ «Հայ Կնոջ Տարի», 2011ը՝ «Հայ Մանուկի Տարի», 2012ը՝ «Հայ Գիրքի Տարի», 2013ը՝ «Հայ Մօր Տարի», 2014ը՝ «Տարեցներու Տարի», 2015ը՝ «100ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան», 2016ը՝ «Ծառայութեան Տարի», 2017ը‘ «Վերանորոգումի Տարի», 2018ը՝ «100ամեակ Հայաստանի Հանրապետութեան», 2019ը՝ «Հայ Մամուլի Տարի», 2020ը՝ «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի», 2021ը՝ «Արցախի Տարի»:
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՆ
Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, 2017ին հասած է Լոս Անճելըս, ուր թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Խառն ժողովին կողմէ նշանակուած է առաջնորդական փոխանորդ: Տարի մը ետք՝ 2018 ին, ստացած է եպիսկոպոսական օծում ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Լոս Անճելըսի մէջ, առաջնորդական փոխանորդ սրբազան հայրը ամբողջ երեք տարի զբաղած է հոգեւոր, վարչական եւ ուսուցչական գործունէութեամբ:
16 Հոկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի 48րդ Երեսփոխանական ժողովին կողմէ, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմի առաջնորդ:
ՊՍԱԿԱՁԵՒ («ՔՈՐՈՆԱ» ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՏԱԳՆԱՊ
2020 թուականի Մարտ ամիսէն եւ անոր յաջորդող ամիսներուն, համաշխարհային մակարդակով համայն մարդկութիւնը եւ պետութիւններ, տագնապի եւ խուճապի մատնուեցան եւ զոհը դարձան պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառած մահաբեր աւերումներուն ու աղետալի հետեւանքներուն: Անդամալուծուեցան կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ հիմնարկներ փակուեցան: Անորոշութեան եւ համընդհանուր տագնապի առթած մտահոգիչ հետեւանքները ժխ-տական անդրադարձ ունեցան նաեւ մեր թեմի ու մեր ծխական համայնքի ընտանեկան թէ ընկերային հաւաքական առօրեայ կեանքին ու աշխատանքներուն վրայ: Բնական էր, որ այս բոլորին որպէս անմիջական հետեւանք, միաժամանակ հետեւելով պետական քաղաքային օրէնքներու ցուցմունք ուղղութիւններուն եւ մեկնելով մեր հաւատացեալներուն ապահովութեան նախանձախնդրութենէն Մարտ 20, 2020էն սկսեալ, եկեղեցական արարողութիւնները կատարուեցան դռնփակ, առցանց առանց հաւատացեալներու: Միաժամանակ նաեւ բոլոր խորհրդակատարութիւնները (թաղում, մկրտութիւն, պսակ) ենթակայ եղան պետական սպասարկութիւններու կողմէ ճշդուած ցուցմունքներուն եւ սահմանափակումներու: Համաճարակին պատճառած տագնապը իր սուր ելեւէջներով տեւեց մինչեւ 2022 թուական:
Եզրափակելով եկեղեցւոյս 100 տարիներու պատմութիւնը՝ Մայր տաճարիս անցեալի թէ ներկայի հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական եւ հոգաբարձական հիմնադիր ու ժամանակակից բոլոր կազմերը առ բարձրեալն Աստուած ու մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի կ՛առաքեն գոհութեան օրհներգութիւններ, սրտեռանդ շնորհակալութիւն կը յայտնեն եկեղեցւոյս սատար հանդիսացող Տիկնանց միութեան, Կիրակնօրեայ վարժարանին, Դպրաց դասին, Սարկաւագաց դասին, եւ վերջապէս եկեղեցւոյս հաւատացեալներուն, որոնց զօրակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Խաչ Մայր տաճարը կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը անաղարտ պահելով մեր պապերու քրիստոսահաստատ եւ առաքելաշաւիղ հաւատքը:
Յարգանք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյս բարերարներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն, որոնք գործեցին ու անցան եւ մեզի թողուցին այս թանկագին ժառանգը որպէս աւանդ, փոխանցելի՝ մեր յաջորդներուն:
ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐ/ՏԵՍՈՒՉՆԵՐ
Ատոմ Ա. քհնյ. Մելիքեան (1917-1935)
Վահրամ Ծ. վրդ. Նազարէթեան (1935)
Թադէոս քհնյ. Ապաճեան (1936)
Վահան Ա. քհնյ. Կիւլտալեան (1936)
Թադէոս քհնյ. Ապաճեան (1936)
Գեղամ վրդ. Քասիմեան (1937-1946)
Ղեւոնդ վրդ. Արապեան (1946-47)
Մամբրէ արք. Գալֆայեան (1947)
Տիրայր վրդ. Տէրվիշեան (1950)
Արսէն քհնյ. Սիմէոնեանց (1953)
Եղիշէ քհնյ. Գասպարեան (1955)
Գուրգէն քհնյ. Գուտուլեան (1956)
Եղիշէ Ա. քհնյ. Մխիթարեան (1960)
Վահրամ վրդ. Եղիայեան (1960)
Սմբատ վրդ. Լափաճեան (1961-73)
Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան (1974-75)
Եղիշէ վրդ. Մանճիկեան (1975-77)
Նարեկ Ա. քհնյ Շրիգեան (1977-85)
Բաբգէն քհնյ. Մանուէլեան (1983-96)
Խորէն քհնյ. Պապօշեան (1996-04)
Հրանդ քհնյ. Երէցեան (2001-04)
Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան (2004-13)
Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան (2004էն) Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան (2013էն)