
ԽԱԹՈՒՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
«Անցեալի յուշեր, եկէ՛ք օգնութեան,
Պատմենք միասին ի՛նչ քաղցր է սրտիս»:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
1922ին հիմնուած Ս. Խաչ եկեղեցին, որ քաղաքամէջն էր, 20րդ փողոցին վրայ, ծառայեց 60 տարիներ, իր շուրջը հաւաքելով աշխարհի զանազան անկիւններէ հարաւային Քալիֆորնիա հաստատուած հայութիւնը:
1947-48 տարիներուն, ամերիկածին հայերուն եկան միացան Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքի «Ֆունքըրքասերն» քեմփի հայ գերիները: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին իբրեւ արդիւնք գաղթական գերիներ, որոնք խռնուած էին այդ քեմփին մէջ:
Ճորճ Մարտիկեան եւ զօրավար Դրօ Կանայեան ԱՆՉԱ կազմակերպութեան միջոցով յաջողեցան այդ գերիները ազատել եւ գաղթել տալ Տիթրոյիթ, Ֆիլատելֆիա եւ Նիւ Եորք: Յետագային, Տիթրոյիթ հաստատուած գաղթականներէն շատեր տեղափոխուեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ Արեւելեան Լոս Անճելըս արուարձանը:
Ռուսահայ գաղթականները չարքաշ աշխատանքով բարեկեցիկ ապրելակերպ ձեռք բերելէ ետք՝ տեղափոխուեցան Մոնթեպելլօ քաղաքը: 1960ական թուականներուն, արդէն Մոնթեպելլոյի մեր գաղութը կազմակերպուած եւ ուռճացած վիճակի հասած էր:
Ցեղասպանութեան 50ամեակին, հիմը դրուեցաւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին, Փիքօ Ռիվերա քաղաքին մէջ հողաշերտի մը վրայ: Մոնթեպելլօ բնակող խումբ մը երջանկայիշատակ, հայրենասէր ռուսահայ ազգայիններու նուիրեալ ճիգերով հիմնուեցաւ այս վարժարանը: Իրենք անձկութեամբ կը վկայեն, որ տունէ տուն բոլոր դռները թակած եւ աշակերտ արձանագրած են:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը հիմնուած էր նախնական ծրագիրով մանկապարտէզէն մինչեւ երրորդ կարգ, տարուէ տարի նոր դասարան մը աւելցնելու որոշումով: Նորահաստատ մանկապարտէզին մէջ ուսուցչական պաշտօնավարութեան հրաւէր ստացաւ Ռուբինա Բագրատունին, ամուսնոյս՝ Քրիստափոր Բագրատունիի քոյրը, որ Լիբանանէն Լոս Անճելըս ամառնային արձակուրդի համար այցելութեան եկած էր: Ճեմարանի տնօրէնէն՝ Սիմոն Վրացեանէն, արտօնութիւն ստանալէ ետք, Ռուբինան 37 տարիներ ծառայեց «Մեսրոպեան»ի մէջ՝ իբրեւ մանկապարտէզպանուհի:
Երբ զաւակներս դպրոցական տարիքի հասան ես դիմեցի Մեսրոպեան վարժարանի հայկական բաժինին միանալու խնդրանքով. միացայ ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնավարեցի 34 տարիներ: Պաշտօնավարութեանս առընթեր, ես անդամակցեցայ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան, իսկ 1975ին՝ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղին, եւ այս ճամբով ալ «որդեգրուեցայ» Մոնթեպելլոյի հիւրընկալ մեր հայրենակիցներուն կողմէ:
1968ին, Լոս Անճելըսի համայնքին ճիգերով կազմուեցաւ յուշարձանի յանձնախումբը, որ բաղկացած էր երեք յարանուանութիւններու եւ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, գաղութի անուանի ազգայիններէ եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանին հետ գործակցող ծանօթ անհատներէ: Յանձնախումբը յաջողեցաւ ապահովել Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանին պատկանող «Պիքնէլ Փարք»ին մէջ հողաշերտ մը եւ կառուցել 1915ի Ցեղապանութեան Նահատակաց յուշարձանը: Այս յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած է տարեկան աւանդական ուխտատեղի:

Նոյն տարին՝ 1968ին, ռուսահայուհիներու ազգասէր խմբակ մը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամի մը ներկայութենէն օգտուելով՝ խնդրանք ներկայացուցին եւ նոր երիտասարդ մասնաճիւղ մը հիմնեցին՝ «Նայիրի» անունով: Գաղութին մէջ արդէն գոյութիւն ունէր «Անի» մասնաճիւղը, որուն անդամներէն ոմանք իրենց ռուսահայ տարեց հարազատներն էին:
1975ին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը տուաւ իր առաջին աւարտական հունձքը: 1965էն ի վեր, ամէն տարի դասարան մը աւելցուած ըլլալով՝ 12րդ դասարանին հասած էին: Անկէ ետք, մեր շրջանաւարտները մէկ մակարդակէն յաջորդ մակարդակը յաղթահարեցին:
ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը նախաձեռնեց առանձնայատուկ հասութաբեր նորաձեւութեան ցուցադրութեան ձեռնարկներ, որոնք կազմակերպուեցան տարեկան դրութեամբ: Հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, Մեսրոպեան վարժարանը «Նայիրի» մասնաճիւղի յատուկ խնամքին արժանացաւ:
1980ականներուն, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած օրուան հոգաբարձութիւնը, Մոնթեպելլոյի Լինքըն պողոտային վրայ գտաւ պարապ հող մը, ուր հիմը դրուեցաւ ներկայի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ընդարձակ համալիրին:
Զարմանալի զուգադիպութեամբ, նոյն տարիներուն «Դրօ» կոմիտէն Մոնթեպելլոյի Ուաշինկթըն պողոտային վրայ գտաւ տրամադրելի պարապ շէնք մը, որ լաւ յարմարութեամբ կրնար ծառայել իբրեւ կեդրոն: Կոմիտէի ընկերները կ՛աճապարեն կանխավճարը կատարել եւ որոշ ժամանակ ետք անիկա դարձաւ ներկայ կեդրոնի մեծ շէնքը: Քանի մը տարի ետք, Հայ կեդրոնին կողքին գտնուող Social Security-ի շէնքը ծախու ըլլալով՝ օրուան կոմիտէի անդամները կը գնեն այդ շէնքը, որ անհրաժեշտ նորոգութիւններէ ետք՝ այժմ կը ծառայէ իբրեւ ժողովատեղի եւ առօրեայ ձեռնարկներու հաւաքավայր:
Մինչ այդ, Ս. Խաչ Մայր տաճարի կառուցումը կը շարունակուէր. հոգաբարձութիւնը գտած էր 12 կնքահայրներ՝ 12 սիւներու բարերարութեան համար: Բարեբախտաբար, Սուրբ Խաչ Մայր տաճարին կողքին բարձրացած կառոյցին վրայ արձանագրուած են գաղութի ազնիւ նուիրատուներու անունները՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց ազգային գիտակցութեան եւ զոհաբերութեան:
Վաղամեռիկ ՀԵԴի անդամ Հերրի Բաղրամեանի ծնողներուն նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ «Բաղրամեան» սրահը՝ նախամուտով մը: Յետագային, նախամուտի նորոգութեան առթիւ, մուտքի ձախ կողքի պատին վրայ արձանագրուեցան նիւթապէս օժանդակած կազմակերպութիւններու եւ բարերարներու անունները՝ արժանավայել շնորհակալութեան իբրեւ հաւաստիք: Յետագային, համալիրի կողքին աւելցաւ «Թումանճեան» սրահը, երիտասարդներուն զիրար հանդիպելու առիթ ստեղծելու համար:
1970ականներուն, Լիբանանի ներքին քաղաքացիական ընդհարումները, Իրանի Շահին դէմ քաղաքական պայքարը, մեր ժողովուրդի կեանքի պայմանները եւ ապահովութիւնը դարձեալ պատճառ դարձան նոր գաղթերու: Այս ցաւալի պայմաններուն իբրեւ արդիւնք՝ «Մեսրոպեան»ի մեր աշակերտներու թիւը անակնկալ աճ արձանագրեց: Տնօրէնութիւնը ստիպուեցաւ աւելի ընդարձակ տեղ մը ապահովել: Բարեբախտաբար, Փիքօ Ռիվերա քաղաքի հարաւը, Selby Grove փողոցին վրայ, տրամադրելի շէնք մը վարձուեցաւ: Պիտի բաղձայի, որ ընթերցողները առիթը ունենային ականատես կամ ականջալուր ըլլալու մեր աշակերտութեան կամաւոր օգնութեան փոխադրութեան ընթացքին: Մեր դաստիարակած աշակերտները գնահատելի օժանդակութիւն բերին:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին համար սկսաւ պատմական նոր շրջան մը՝ աւելի ընդարձակ եւ յարմար պայմաններու մէջ: Սակայն, առակը կ՛ըսէ. «Ամէն լաւ բան երկար չի տեւեր», ուստի, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը ստիպուած եղաւ վերադառնալու նախկին Փիքօ Ռիվերայի շէնքը: Գրեթէ լրիւ քանդուած շէնքը նորոգելու ծանր աշխատանքը գլուխ հանեցին «Մեսրոպեանի բարեկամներ» խմբակը մեծամասնութեամբ բաղկացած Մեսրոպեանի մեր շրջանաւարտներէն, որոնք բոլորովին արդիական կահաւորումներով ճոխացուցին դպրոցը: Իւրաքանչիւր դասարանի կողքին զետեղուեցան Միջնադարու մանրանկարչական տառերով զարդարուած նուիրատուներու յուշատախտակները:
Շէնքի բացման արարողութեան օրը նշուեցաւ նաեւ «Գոհարիկ եւ Ռոն Կապրիէլ Մանկամսուր» մասնաբաժինի յառաջացումը:
2018ին, ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 50ամեակը: Նոյն տօնակատարութեան ընթացքին նշուեցան ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրի 20ամեակը եւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան 37ամեակը:
Այս տարի՝ 10 Սեպտեմբերին, 1997 տարուան շրջանաւարտները 25ամեակի հանդիպում մը կազմակերպած էին ճաշարանի մը մէջ: Տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանէն խնդրած էին իրենց ուսուցիչները հրաւիրել այդ ձեռնարկին: Երբ հաւաքավայրը հասանք, արդէն որոշ ուսուցիչներ հոն էին. մեզ դիմաւորեցին երիտասարդ, հասուն եւ ժպտուն անձեր, շատերը ամուսնացած, զաւակներու տէր… Իւրաքանչիւր մօտեցող ինքզինք կը ծանօթացնէր. շատերը չէին փոխուած, դժուար չէր իրենց անունները վերյիշել իսկ ոմանք գրեթէ անճանաչելի էին:
Երեկոն դարձաւ անհաւատալի ուրախ, խանդավառ վայելքի փորձառութիւն մը: Անկարելի էր չհիանալ մեր դիմաց զիրար վայելող այս ձեռք բերած ուրախալի յաջողութիւններուն: Եթէ միայն առիթը ըլլար արձանագրելու իւրաքանչիւր շրջանաւարտի արհեստին կամ արուեստին մակարդակը, լաւագոյն վկայութիւնը կ՛ըլլար Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին միջոցով, Մոնթեպելլոյի մեր գաղութին համերաշխ գործակցութեան արդիւնքին: