Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպաս» շարժապատկերը (Gate to Heaven, 2020) 21 Հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի ցուցադրուի ամերիկեան քանի մը քաղաքներու AMC սրահներուն մէջ։
Շարք մը մրցանակներու արժանացած ֆիլմը գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Սթերնուալի մասին է: Ան 2016ին կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու 22 տարիներու ընդմիջումէն ետք վերսկսած պատերազմը։ Լրագրական հետաքննութեան ընթացքին, ան կը ծանօթանայ օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարտիի հետ։ Ռոպերթին եւ Սոֆիային յաճախակի հանդիպումներէն կը ծնի փոխադարձ սէր, սակայն կը պարզուի, որ Սոֆիան անհետացած լուսանկարիչ լրագրող Էդգար Մարտիրոսեանի աղջիկն է, որ 1992ին՝ Թալիշի անկման օրը, Ռոպերթը ձգած էր գիւղը՝ գերի վիճակին մէջ, ապա իւրացուցած էր մարտի դաշտին վրայ անոր նկարած լուսանկարները…
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի AMC-ի հետեւեալ սրահներուն մէջ՝ Կլենտէյլի Americana at Brand 18, Օրէնճի Orange 30, Լաս Վեկասի Town Square 18 եւ Տիթրոյիթի Forum 30։
Ժամերուն համար այցելել www.fandango.com կայքը կամ դիմել (818) 241-6111 թիւին։
Ներկայիս Ջիւան Աւետիսեան կ՛աշխատի իր յաջորդ՝ «Վերածնունդ», ֆիլմին վրայ. Անոր սատարելու համար այցելել www.indiegogo.com/projects/revival-a-film-by-jivan-avetisyan#/ կայքէջը։