
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (AAMS) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի առողջապահական տարեկան 11րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 5 եւ Կիրակի, 6 Նոյեմբերին, «Փըսիֆիք» համայնքային կեդրոնին մէջ (501 S. Pacific Ave., Glendale, CA 91204), առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ: Փառատօնին անվճար կրնան մասնակցիլ քաղաքի բոլոր բնակիչները:
Փառատօնին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան ենթարկուելու բժշկական շարք մը անվճար քննութիւններու (ֆիզիքական, ակնաբուժական, ատամնաբուժական, լսողութեան եւ այլն). տրամադրելի պիտի ըլլան առողջապահական եւ դաստիարակչական շարք մը տեղեկութիւններ:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան կազմակերպած համայնքային սոյն ձեռնարկին հովանաւորներուն շարքին են «Ռիմոթ Էրիա Մետիքըլ» հաստատութիւնը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանը, քաղաքի Համայնքային սպասարկութիւններու եւ զբօսայգիներու բաժանմունքը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի դեղագործական բաժանմունքը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի գրասենեակը, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը, Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային առողջապահութեան բաժանմունքը, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը, Կլենտէյլի Մտային առողջապահութեան մարզի արհեստավարժներու միութիւնը, ARTN-ը, «Ռիկըլ» առողջապահական խմբակը, «Լէյքսայտ» համայնքային առողջապահական կեդրոնը, Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Վըրտուկօ Հիլզ» հիւանդանոցը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 980-7777 թիւին եւ info@aamsc.com հասցէին կամ այցելել՝ կայքը: