Հինգշաբթի օր, Լիբանանի խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր երրորդ նիստը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 119 երեսփոխաններ:
Նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշէլ Մուաուատ` 42 քուէներ, 55 սպիտակ քուէներ, «Լիբանանի համար»` 17 քուէներ, Միլետ Ապու Մըլհեպ` 1 քուէ եւ 4 չեղեալ քուէներ:
Այս արդիւնքները յայտարարելէ ետք, մեծ թիւով երեսփոխաններ դուրս եկան դահլիճէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ օրինական թիւի չգոյութեան, հետեւաբար Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան Դ. նիստի մը, որ պիտի գումարուի 24 Հոկտեմբերին: