ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ կրակ բացին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխադրամիջոցին ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը` աւելցնելով, որ հայկական կողմը կորուստ չունի:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ ըստ որուն, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերուն եւ ռազմական փոխադրամիջոցներու ուղղութեամբ` զայն նկատելով «ապատեղեկատուութիւն»:
Պաքու մասնաւորաբար պնդեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 2 Սեպտեմբերին Շորժայի դիրքերէն կրակ բացին Քելբաջարի մէջ (Քարվաճառի) տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառաւ վնասուած են երկու ռազմական ինքնաշարժներ:
Այդ հաղորդագրութիւնը տարածելով՝ ատրպէյճանական կողմը եւս նշեց, որ կորուստներ չունի: