ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտից «Սմիթքեմփ» շէնքի «Ուիթըն» սրահին մէջ (2625 E. Matoian Way), համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի անուան այցելու դասախօս նշանակուած դոկտ. Հրակ Փափազեանի առաջին հանրային դասախօսութիւնը պիտի տայ 9 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
«Հայերը եւ «միւս հայերը» ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով մատուցուելիք երեք դասախօսութիւններու շարքի առաջինին խորագիրն է՝ «Հայ քրիստոնեայ համայնքը», որ պիտի քննէ Թուրքիոյ հայ քրիստոնեայ համայնքի փորձառութիւնը իրաւական եւ քաղաքական պարունակին մէջ։
Մուտքը ազատ է։
Դոկտ. Փափազեան մարդաբանութեան մէջ մասնագիտացած է Օքսֆըրտի համալսարանին մէջ։ Թուրքիոյ հայութեան մասին անոր աւարտաճառը մրցանակի արժանացած էր։ Ան 2019-2021ին դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ նախորդ տարեշրջանին եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն մէկը։
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://cah.fresnostate.edu/armenianstudies/index.html կայքէջը: