Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Անգարա հաւանաբար Քիեւին աւելի շատ կ՛աջակցի, քան ՆԱԹՕի բազմաթիւ անդամներ:
«Մենք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կ՛աջակցինք: Հաւանաբար մենք Ուքրանիոյ աւելի շատ կ՛աջակցինք, քան ՆԱԹՕի բազմաթիւ դաշնակիցներ: Սակայն մենք նաեւ երկխօսութեան մէջ ենք Ռուսիոյ հետ, եւ այդ երկխօսութիւնը իր պտուղները կու տայ: Առ այդ, մենք արդէն երկու անգամ կազմակերպած ենք անոնց հանդիպումը, որուն շնորհիւ գոյացաւ հացահատիկներու արտածման համաձայնագիրը», ըստ թրքական «Սթար» թերթին, ըսաւ Չաւուշօղլու: