Արեւմտեան թեմը եւ անձամբ առաջնորդը՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանը մշտապէս շեշտել են երիտասարդների ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը թեմի եւ առհասարակ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, այդ թւում կարեւորելով նաեւ հոգեւորականներ պատրաստելու առաքելութիւնը։
Կիրակի, Օգոստոսի 21ի Ս. պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ երեք երիտասարդներ՝ Կարէն սրկ. Համամճեանը, դպիր Արին Փարսանեանը եւ դպիր Զարեհ Միրզայեանը օրեր անց պիտի մեկնեն Նիւ Եորք՝ Ս. Ներսէս աստուածաբանական ընծայարանէն ներս իրենց աստուածաբանական, հոգեւոր ուսումնառութեան շրջանը անցընելու համար, «որպէսզի դառնան ուսեալ ու զարգացած հոգեւորականներ մեր թեմական կառոյցին մէջ»։
Երեք երիտասարդները Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի խորանին ստացան առաջնորդ սրբազանի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Յովնան արք. Տէրտէրեանն իր խօսքում ի մասնաւորի նշեց. «Ուրախութեամբ կ՛ուզենք մեր ժողովուրդին տեղեակ պահել, որ Արեւմտեան թեմին մէջ իրագործուող բազում առաքելութիւններու շարքին ամէնէն գլխաւորը նոր սերունդի, նոր հոգեւորականներու հոգեւոր պատրաստութիւնն է, որոնցմով եւս պիտի ապահովուի Արեւմտեան թեմի շարունակականութիւնը։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ անցնող գրեթէ 20 տարիներուն ընթացքին թեմի զանազան համայնքային շրջաններու մէջ ծառայութեան կոչուած են գրեթէ քսան նոր հոգեւորականներ, որոնք կ՛իրականացնեն հովուական բարի եւ աստուածահաճոյ առաքելութիւն»։
Նշելի է, որ միաժամանակ եւս երեք երիտասարդ թեկնածուներ կը նախապատրաստուեն Ս. Ներսէս ընծայարան ընդունուելու համար։ Սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ այսօր շուրջ 250 սարկաւագներ իրենց ծառայութիւնն են բերում Արեւմտեան թեմի տարբեր եկեղեցիներում ու կառոյցներում։
«Որքա՜ն ուրախալի է, որ Ս. խորանին ծառայող մեր երիտասարդութեան մէջ կ՛արթննայ քահանայական կոչման զգացողութիւնը եւ գիտակցութիւնը. այդ յոյս կը բերէ եւ հոգեւոր ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի», եզրափակեց Յովնան արք. Տէրտէրեանը։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ