
Սրտի դառն կսկիծով իմացանք մեր դպրոցի բարերարներէն Ժիրայր Սարգիսեանի մահուան լուրը: Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւններ կը յայտնէ տիկին Սրբուկ Սարգիսեանին, զաւակներուն՝ Թամարին, Սագոյին եւ Զարեհին ու իրենց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Սարգիսեան, Քիլիճեան, Եարալեան ընտանիքներուն եւ համայն հարազատներուն:
Մեր գաղութի սիւներէն մէկը՝ Ժիրայր Սարգիսեան, հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան, նիւթապէս թէ բարոյապէս միշտ նեցուկ կանգնած է Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին: Վարժարանի հիմնադրութեան օրերէն, ան մօտէն հետեւած է դպրոցի վերելքին: Ան եղած է Խնամակալ մարմինի տնտեսական յանձնախումբի անդամ եւ առաջին օրէն աշխատած է անձեռնմխելի հիմնադրամի (Endowment Fund) յանձնախումբին մէջ:
Ժիրայր Սարգիսեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է իր սիրելի կազմակերպութիւններուն՝ ՀՄԸՄին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անշահախնդրօրէն ծառայած է Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան, Հայ Դատին եւ հայապահպանման առաքելութեան:
Խունկ ու մոմ անոր յիշատակին:
ԳՌՈՒԶԵԱՆ-ԶԱՔԱՐԵԱՆ-ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ