
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Թրքական Aynahaber լրասփիւռը կը տեղեկացնէ, որ ազգութեամբ հայ Բերք Աճառ նշանակուած է Տենիզլի նահանգի Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար («քայմաքամ»)։
Քայմաքամը Թուրքիոյ կառավարման համակարգին մէջ նահանգէն ետք մեծութեամբ 2րդ վարչական տարածքի միաւորի՝ շրջանի ղեկավարն է, որ կը գործէ նահանգապետի ենթակայութեան տակ։
Պաշտօնավարելու պարագային, 27ամեայ Աճառ կը հանդիսանայ առաջին հայը, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ պիտի վարէ նման պաշտօն մը։
Նշենք, որ Բերք Աճառ ծնած է Պոլիս, 1995ին։ Ան աւարտած է տեղւոյն Սահակեան-Նունեան դպրոցը եւ «Լոյս» վարժարանը, իսկ 2020ին աւարտած է «Պիլկի» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը ու ապա աշխատած է փաստաբանական գրասենեակի մը մէջ։